ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Իսրայէլ գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան 23 Յունուարին այցելեցին Իսրայէլի խորհրդարանը՝ Քնեսեթ, ուր հիւրընկալուեցան Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթայնի եւ տիկին Իրինա Նեւզլինի կողմէ։
Ողջունելով Հայաստանի նախագահը՝ Եուլի Էտելշթայն ըսաւ. «Մեզի համար մեծ պատիւ է ձեզ ընդունիլ մեր երկրին մէջ: Ուրախ ենք ձեր այցելութեան համար՝ նոյնիսկ եթէ անիկա կը կատարուի ոչ այդքան ուրախ իրադարձութեան ծիրին մէջ»։ Ան յայտնեց, որ նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի որոշումը կարեւոր անկիւնաքար պիտի ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար: «Կը կարծեմ, թէ այս այցելութիւնը շատ դրական փոփոխութիւն պիտի բերէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Մեր գործակցութեան ներուժը շատ աւելին է, քան մենք ներկայիս կ՛օգտագործենք», յայտնեց Քնեսեթի նախագահը:
Նախագահ Սարգսեան, անդրադառնալով պատմութեան դառն էջերուն՝ ըսաւ, որ երկու ժողովուրդներուն ճակատագիրներու նմանութիւնները տպաւորիչ են, եւ անոնք կը յուշեն, որ պէտք է մտածել ապագային մասին. «Կարող ենք համատեղ ստեղծել այդ ապագան ե՛ւ որպէս երկու պետութիւն, ե՛ւ որպէս երկու ժողովուրդ: Հայաստանը փոքր երկիր է, բայց համաշխարհային ազգ, նոյնն է նաեւ Իսրայէլը: Ես այստեղ եմ նաեւ համագործակցութեան ոլորտների նախանշման համար: Հայաստանը կարեւորում է շատ ոլորտների զարգացումը՝ կրթութիւն, գիտութիւն, անվտանգութիւն, գիւղատնտեսութիւն, նորագոյն տեխնոլոգիաներ: Ես, որպէս նախագահ, նախաձեռնութիւն ունեմ Հայաստանը դարձնել նոր տեխնոլոգիական հանգոյց, քանի որ մենք ունենք մի շարք առաւելութիւններ դա անելու համար: Մեր երկրում կան բարձրակարգ ֆիզիկոսներ, մաթեմատիկոսներ, ծրագրաւորման ոլորտում ունենք լաւ կրթական ծրագրեր»:
Նշելով, որ պատմութեան շատ էջեր ողբերգական են հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն համար՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ պէտք է համատեղել ջանքերը, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք տեղի չունենան կամ չկրկնուին։ Հայաստանի նախագահը բարձրացուց Իսրայէլի Քնեսեթին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ ընդգծելով, որ պատմութեան այս ամօթալի էջին ճանաչումը ու դատապարտումը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլան այսօրուան քաղաքական շահերով եւ իրողութիւններով:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն առաջին հերթին բարոյական պատասխանատուութիւն է եւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերի յիշատակին, միաժամանակ այն կարեւոր ներդրում է ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների կանխարգելման միջազգային ջանքերում», շեշտեց նախագահ Սարգսեան: