Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անունով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սարգիսեան ընտանիքին, իրենց բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ մեր բոլոր ընկերներուն։
Ես, տէր Տաթեւ Ա. քհնյ. եւ երէցկին Գալուստեաններու զաւակն եմ, այս շրջանին մէջ մեծցած եւ դաստիարակուած։ Տէր հայրը շուրջ քսան եւ հինգ տարիներ ծառայած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ծովածոցի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գաղութին, ըլլալով շատ մօտ բարեկամ, մտերիմ եւ գործակից Խաժակին։ Ծնողներս, անպայման կ՛ուզէին ներկայ ըլլալ այսօր, բայց դժբախտաբար, առողջական պատճառներով, չէին կրնար երկար ճամբորդել։ Ծնողներուս եւ ամբողջ մեր ընտանիքին կողմէ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ Հիլտիին, Արամին, Սեւակին, ընկեր Ժիրայրին եւ տիկնոջ՝ Սրբուկին եւ Սարգիսեան ընտանիքի բոլոր պարագաներուն ու ձեզ բոլորիդ։
Դժուար է ամբողջ կեանք մը ներկայացնել քանի մը վայրկեանուան մէջ, եւ Խաժակին պարագային՝ անկարելի։
Այս քանի մը օրերուն ընթացքին, ոմանք կ՛ըսեն, որ ընկեր Խաժակը Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութին սիւներէն մէկն է։ Բայց կը հաւատամ, որ սիւն բառը բաւարար չէ իբրեւ ածական, որովհետեւ արուեստական իմաստ կու տայ։ Ընկեր Խաժակին կեանքը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, շատ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ներկայացնել իբրեւ այս գաղութի հիմնաքարը, որովհետեւ հիմնաքարը աւելի բնական իմաստ կը ներկայացնէ, եւ ինչպէս յիշուեցաւ՝ ընկեր Խաժակը առաջին օրերէն սկսեալ, 1959էն ի վեր, շուրջ 60 տարիներու տեւողութեան, սիրահարուած՝ այս քաղաքին, Սան Ֆրանսիսքօն նկատեց իբրեւ իր հարազատ տունը։
Հիմա, որ հոս կը գտնուինք, այս պահուն, մեր գաղութի սրահին մէջ, բոլորիս ներկայութեամբ, ինծի եւ թերեւս մեզի ըսել կու տայ՝ «Երանի այն օրերուն»։
– Երանի այն օրերուն, երբ առաջին անգամ ծանօթացանք ընկեր Խաժակին, 1969 թուականին, եւ շուտով մտերմացանք, դարձանք հարազատ, բարեկամ եւ գործընկերներ։
– Երանի այն օրերուն, երբ ծնան Արամը եւ Սեւակը, եւ մեր տարիներու ծանօթութիւնը զարգացաւ ու շարունակուեցաւ։
– Երանի այն օրերուն, երբ մեր գործունէութեան կարգ մը ծրագիրները սկսան իրականանալ։ Կարելէ չէ բոլորը յիշել այստեղ։ Ահաւասիկ անոնցմէ քանի մը հատը.
ա.- Հիմնումը ամէնօրեայ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական հայ դպրոցին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր ընկեր Խաժակին.
բ.- Եկեղեցւոյ կարգ մը ձեռնարկներ, ինչպէս՝ փիքնիք, պազար (վերջինը Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, որ նախապէս տեղի կ՛ունենար Սան Ֆրանսիսքոյի «Քապուքի» կոչուող սրահին մէջ.
գ.- Տարիներէ ի վեր կատարուած Ապրիլ 24ի ոգեկոչման հանդիսութիւններ.
դ.- Մայիս 28ի տօնակատարութիւններ, «Կոլտըն Կէյթ» փարքի հսկայ բացօդեայ սրահ դաշտին մէջ.
ե.- Կամ հարիւրաւոր մեր գաղութի Դաշնակցական, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Համազգայինի, Տիկնանց միութեան կամ եկեղեցւոյ որեւէ ձեռնակներ եւ գործունէութիւն։
Եւ յատուկ օրինակ մը, որ միտքս կու գայ այս պահուն, Սեւա՛կ, եթէ կը յիշես, երբ դուն Սենթ Իկնէյշըս հայ սքուլի հայ աշակերտներու յանձնախումբի ատենապետ եւ ներկայացուցիչ էիր, կազմակերպեցիք Ապրիլ 24ի ոգեկոչման հաւաք. զիս հրաւիրեցին ՀԵԴի կողմէն, իսկ դուն իբրեւ աշակերտներու ներկայացուցիչ, եւ երկուքով միասին, իբրեւ գլխաւոր բանախօսներ, ներկայացուցինք Մեծ Եղեռնը այդ օտար դպրոցի աշակերտութեան առջեւ, շուրջ 35 տարիներ առաջ։
Եւ այս բոլորը նկատի ունենալով, կը յիշեմ ընկեր Խաժակին յստակ եւ մնայուն մասնակցութիւնը եւ ազդեցութիւնը այս բոլոր գործունէութեան, իր փայլուն եւ լաւատես ժպիտով, իր բարի եւ համեստ գործունէութեամբ, միշտ պատրաստ էր ամբողջ էութեամբ մասնակցելու, կազմակերպելու, ղեկավարելու։
Եւ անշուշտ պէտք է անդրադառնալ ընկեր Խաժակին գործունէութեան՝ Հայ Դատի վերաբերեալ աշխատանքներուն, իր նուիրումը Հայ Դատի գործունէութեան, եւ երբ նկատի ունենանք այս շրջանի Հայ Դատի յաջողութիւնները, գործունէութեան կազմակերպումը, ստեղծումը, եւ վերադառնանք տարիներու ընթացքին, 5 տարի, 10 տարի, 20, 30,40 եւ 50 տարիներ առաջ, պիտի տեսնենք այն առաջին կազմակերպական օրերուն, եւ տարիներուն վրայ վրայի եկած յառաջդիմութիւնը եւ յաջողութիւնը, ընկեր Խաժակին մնայուն մասնակցութիւնը՝ իբրեւ կազմակերպող, ղեկավար եւ ստեղծող, իր ծանր ազդեցութիւնը եւ դերակատարութիւնը յստակ կ՛երեւի։ Եթէ Սան Ֆրանսիսքօ ծովածոցի շրջանը ունեցած է իր Վահան Քարտաշեանը, այդ անձնաւորութիւնը եղած է ընկեր Խաժակը։
Եւ հակառակ անոր, որ այսօր իր երկրաւոր բաժանումը մեզմէ նոր է, թարմ է, ես ուրախ եմ գիտակցելու, որ ընկեր Խաժակը այս վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, ականատես եղաւ Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումին, այսինքն, Թիւ 296 բանաձեւի Ներկայացուցիչներու տան մէջ, եւ թիւ 150 բանաձեւի Սենաթին մէջ, որովհետեւ ընկեր Խաժակն էր այն անձը եւ Հայ Դատի ղեկավարը, որ երազեց եւ իրականացուց այն, ինչը օրին ոեւէ մէկը չէր կրնար երեւակայել, ինքն էր, որ ուզեց ստեղծել այն, ինչը չունէինք եւ պէտք է ունենայինք։ Ինքն էր, որ երազեց, ինքն էր, որ մեր բոլորին հաւատացուց, որ այն երազները կրնանք իրականացնել հաւատքով եւ յարատեւ համեստ աշխատանքով։
Սիրելիներ, այս է ընկեր Խաժակին կտակը մեզի. մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ իր օրինակով. իրաւունք չունինք չընելու։ Պիտի երազենք, պիտի հաւատանք, եւ պիտի իրականացնենք այն երազները, այն նոր դպրոցները ստեղծելու, Հայ Դատի ապագայ նպատակները յաջողցնելու, եւ պիտի շարունակենք ապրիլ այն ձեւով, որ ընկեր Խաժակը առաջնորդեց եւ քաջալերեց մեզ տարիներու ընթացքին։
Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր սիրելի ընկերոջ։