ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ընկեր Խաժակ Սարգիսեան եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի ամենակարկառուն ընկերներէն, շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անդամ ու կենսական դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան ու շրջանի գաղութային եւ կազմակերպական հզօրացման աշխատանքներուն մէջ: Ան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, շրջանի Հայ Դատի հիմնադիր-անդամներէն ու ղեկավարներէն մէկը։ Հայ Դատի յանձնախումբի զարգացման ու հզօրացման եւ Հայկական Հարցի ջատագովման ջանքերուն մէջ տարած է մեծապէս գնահատելի աշխատանքներ:
Խաժակ Սարգիսեան ծնած է 6 Սեպտեմբեր 1937ին, Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքին մէջ, զաւակը Սարգիս եւ Արշալոյս Սարգիսեաններու, ան եղած է երրորդը չորս զաւակներուն՝ Նազարէթի, Վարուժանի եւ Ժիրայրի: Եղած է սիրուած ու նուիրուած ամուսինը Հիլտիին ու հայրը՝ Արամին ու Սեւակին:
Խաժակ Սարգիսեան մահկանացուն կնքեց Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019ին, եկեղեցական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2019ին, երեկոյան ժամը 6ին, Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղման արարողութիւնը՝ Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019ին, ժամը 11ին։ Թաղումը տեղի ունեցաւ «Սայբրըս Լոն» գերեզմանատան մէջ, սգակիր հարազատներու ու բարեկամներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Խաժակ երկու տարեկանին կորսնցուցած է իր հայրը։ Ան հասակ կը նետէ Պէյրութ, Լիբանան, շրջապատուած իր բազմանդամ ընտանիքի եւ կենսունակ գաղութի անդամներով: Խաժակ յաճախ ակնարկած է իր հօրեղբայրներուն ու հօրաքոյրներուն մասին, թէ ինչպէ՛ս անոնք եղան պաշտպան եւ նեցուկ կանգնող եւ միշտ օգտակար դարձան բոլոր այդ դժուարին ժամանակներուն ընթացքին:
Խաժակ Սարգիսեան իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, շարունակած է ուսումը բողոքականներու Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Դպրոցը եղած է իր կեանքին իմաստը բնորոշող մէկ բաժինը միայն, իր աշխատանքներուն մեծ մասը եղած են Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ ՀՄԸՄի սկաուտները, միշտ ապրած է «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանով, որ ուղեցոյց եղած է իր անձնական եւ գործնական կեանքին մէջ:
Խաժակ եղած է խոստումնալի աշակերտ եւ իր կեանքին երազներն ու տենչանքները ամբողջացնելու համար, 1959 թուականին, 22 տարեկանին, եկած է Ամերիկա ուսումը շարունակելու եւ բախտաւոր եղած է ընտրելու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր աւարտելէ ետք Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանը, անցուցած է կեանքին մնացեալ տարիները։
Խաժակ մեծ յաջողութիւն գտած էր իր կեանքին ընթացքին, հետեւելով իր երազներուն, օգտակար դառնալով իր գաղութին ու շրջապատին, ջանալով կանգուն պահել բոլոր ազգային արժէքները: Խաժակին նուիրումը Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան, Հայ Դատին եւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ ուրիշ զանազան միութիւններու, օրինակելի ձեւով ցոյց տուաւ առաջնորդութեան, համեստութեան, եռանդի, առատաձեռնութեան եւ պարկեշտութեան մարմնացումը, որոնց համար Խաժակ ճանչցուած ու սիրուած էր մարդկային բոլոր շրջանակներուն մէջ՝ միջազգային մակարդակի վրայ:
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին մեր սիրելի Խաժակը վարակուած էր անբուժելի հիւանդութեամբ, շաբաթը երեք անգամ հիւանդանոց պէտք է երթար դարմանումի համար, բայց Հայաստանի սէրն ու կարօտը այնքան զօրաւոր էր իր մէջ, որ այդ վիճակին դարմանումի կարելիութիւնները գտաւ նաեւ Հայաստանի մէջ: 2019ի Սեպտեմբերին բախտը ունեցած էինք սան-ֆրանսիսքոցի քանի մը ընկերներով միասին ըլլալ Երեւանի մէջ ու վայելել իր ընկերութիւնը, միասնաբար երթալու «Անուշ» օփերայի ներկայացումին ու քանի մը այլ հանդիսութիւններու:
Հոգեճաշի ընթացքին իրենց ցաւակցական սրտի խօսքը արտասանեցին՝ ՀՅԴ բիւրոյի կողմէ՝ Վիգէն Եագուպեան, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան, ՀՅ Դաշնակցութեան ԿԿի կողմէ՝ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կողմէ՝ Խաչիկ Թազեան, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին կողմէ՝ Ռուպինա Գասպարեան, ՀՄԸՄ մասնաճիւղին կողմէ՝ Արման Քիլիճեան, ՀՕՄի կողմէ՝ Ճիւտի Ճինկիրեան, Հայ Դատի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ՝ Րաֆֆի Համբարեան, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ Ռոքսան Մաքասճեան, Սարգիսեան ընտանիքին կողմէ՝ որդին Սեւակ Սարգիսեան, եղբօրորդին՝ Սագօ Սարգիսեան եւ ուրիշներ:
Այս տխուր առիթով Խաժակին ընտանիքին ցաւակցական գրութիւններ ղրկած էին՝ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Լոնտոն Պրիտ եւ նախկին ծերակու-տական Պարպարա Պոքսըր:
Երբ Խաժակ անհանգստութեան պատճառով Հայ Դատի յանձնախումբին հետ չէր կրնար շնորհակալական այցելութեան երթալ Աննա Իշուին, Աննա Իշուն ինք անձամբ կը հեռաձայնէ Խաժակին շնորհաւորելու համար Ծերակու- տային եւ Գոնկրեսին տարած յաղթանակը, որուն մէջ մեծ աշխատանք ունէր Խաժակ Սարգիսեան:
Ընկե՛ր Խաժակ, մեր հայ ժողովուրդին համար դուն մեծ ու գնահատելի աշխատանք տարիր, դուն չպիտի մոռցուիս, վարձքդ կատա՛ր, ու հողը թեթեւ գայ վրադ: