ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Պօղոս (Պօ) Փաթաթեանի ընտրապայքարին, անոր հետ մանրամասն խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք։
Փաթաթեան կը մասնակցի խորհուրդին 2րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն։ Նշենք, որ նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 3 Մարտին։ Այն թեկնածուն, որ կը յաջողի քուէներուն 50 տոկոսը ապահովել, պիտի ընտրուի խորհուրդի անդամ, այլապէս պէտք է մասնակցի 3 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն, երբ մեծագոյն համեմատութիւնը ապահոված թեկնածուն պիտի ընտրուի։
Իբրեւ 2րդ ընտրատարածքի 40 տարիներու բնակիչ, Փաթաթեան, որ յաճախած է քաղաքի հանրային վարժարաններ, գործօն մասնակցութիւն բերած է քաղաքային եւ նահանգային քաղաքական կեանքին եւ Փասատինայի քաղաքապետին կողմէ նշանակուած է քաղաքի յանձնակատար եւ գրեթէ տասնամեակ մը սպասարկութիւններ մատուցած է հանրային կրթութեան մարզին մէջ:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին վարչութեան հետ հանդիպումին ընթացքին ի յայտ եկած է, որ Փաթաթեան մօտէն ծանօթ է քաղաքին դիմագրաւած տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն եւ որոշած է շեշտը դնել քաղաքին ապահովութեան երաշխաւորման, կառավարութիւնը աւելի մատչելի դարձնելուն, ելեւմտական կայունութիւն եւ կրթական հաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ բարգաւաճում ապահովելու ջանքերուն վրայ, կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եբրեմեան:
Փաթաթեան քաղաքական գիտութեանց մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ եւ ներկայիս կը պաշտօնավարէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ: Ան նաեւ Փասատինայի հայ համայնքին գործօն անդամներէն է եւ անդամ է Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ եղած է անոր ատենապետը:
Փաթաթեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.Bo4Pasadena.com կայքը: