ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 10 Յունուարին, մարդաշատ էր Արցախի առաջնորդարանը: Աւելի կանուխ կատարած յայտարարութեան հաւատարիմ՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդը հանդիպումի հրաւիրեց համապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց մտադրութիւնը յայտարարած քաղաքական ուժերը եւ նախագահի պաշտօնի թեկնածուները:
Արցախի հոգեւոր առաջնորդը նախորդ ամիսներու անցուդարձը նկատի ունենալով եւ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին անոնց աշխոյժ զարգացումները կանխատեսելով՝ քաղաքական ուժերը եւ քաղաքական գործիչները հրաւիրած էր՝ իր յորդորը փոխանցելու համար:
Քաղաքական պայքարի այս փուլէն Արցախը պէտք է դուրս գայ աւելի ուժեղացած եւ ոչ թէ պառակտուած: Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն կոչ ուղղեց՝ նաեւ որոշ պատասխանատուութիւն ստանձնելու այդ ուժեղացումը ապահովելու համար: