ԵՐԵՒԱՆ.- ՆԱԹՕն ժամանակաւորապէս իր զօրախումբերուն մէկ մասը դուրս կը բերէ Իրաքէն, իսկ միւս մասը կը վերաբաշխէ երկրին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ֆրանս Փրէս»ը՝ վկայակոչելով դաշինքի ներկայացուցիչը:
«Մենք կը ձեռնարկենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ պաշտպանելու համար զինուորականները: Այդ պատճառով ալ անոնց մէկ մասը ժամանակաւորապէս պիտի տեղակայուի Իրաքի այլ շրջաններու մէջ եւ երկրի սահմաններէն հեռու», մէջբերեց գործակալութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, գործակալութեան զրուցակիցը նշեց, որ ՆԱԹՕն, այնուամենայնիւ, «կը պահպանէ իր ուժերուն ներկայութիւնը Իրաքի մէջ»:
5 Յունուարին Իրաքի խորհրդարանը որոշեց չեղեալ համարել Միջազգային դաշինքին հետ ապահովական համաձայնութիւնը եւ կառավարութենէն պահանջեց Միացեալ Նահանգներու դէմ բողոքագիր ներկայացնել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ աշխատանք տանիլ վերջ տալու Իրաքի մէջ բոլոր օտար ուժերու ներկայութեան: