ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելեց Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Լուրը հաղորդեց «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահը այցելեց Ռուսիոյ զինուած ուժերու զօրախումբի հրամանատարական կեդրոնը, շրջեցաւ Դամասկոսի փողոցներուն մէջ։ Հրամանատարական կեդրոնին մէջ Փութին դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի կողմէ:
Փութին Ասատի ըսաւ, որ Սուրիոյ պետականութեան ու տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ճամբուն վրայ հսկայական նուաճում արձանագրուած է: