ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայագէտ եւ թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան Հինգշաբթի, 9 Յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ իր նոր հրատարակուած՝ «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» գիրքը, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA, 91206): Հատորին մասին պիտի խօսին նաեւ Հրաչ Մարտիրոսեան եւ Յարութ Պրոնոզեան:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
«Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» հատորը նուիրուած է 13-17րդ դարերուն Համշէն գաւառին եւ հոգեւոր այլ կեդրոններու մէջ համշէնցի գրիչներուն ընդօրինակած 21 ձեռագիրներու յիշատակարաններուն պատմալեզուական քննութեան: Այս աղբիւրներուն մէջ տեղ գտած բացառիկ փաստերը եւ վկայութիւնները առիթ կ՛ընձեռեն որոշ պատկերացում կազմելու Համշէն գաւառի 13-17րդ դարերու քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին, հայ իշխաններու գործունէութեան, բնակչութեան գործի կարելիութեանց, լեզուական վիճակին եւ ժողովրդական հաւատալիքներուն մասին: Գիրքին մէջ նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ուսումնասիրուած են Համշէն գաւառին վերաբերող 16րդ դարու օսմանեան աշխարհագիր մատեաններու ժողովրդագրական եւ լեզուական փաստերը: Ներկայացուած են նաեւ հայոց հոգեւոր այլ կեդրոններու մէջ համշէնցի գրիչներու գործունէութեան մանրամասնութիւնները: Իբրեւ յաւելուած՝ հրատարակուած են համշէնցի գրիչներու յիշատակարաններու լուսապատճէնները (130 էջ) եւ առաջին անգամ ըլլալով կազմուած է Համշէն գաւառին 15-17 դարերու քարտէսը:
Լուսինէ Սահակեան 2008էն ի վեր Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինի ղեկավարն է: Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ ան կը դասաւանդէ ժամանակակից թրքերէն, թրքական գրականութիւն, Թրքական աղբիւրագիտութեան եւ պատմագրութեան հիմնահարցերի եւ Օսմանեան կայսրութեան ցեղային քաղաքականութեան դասանիւթերը: Սահակեան ունի շարք մը գիտական հրատարակութիւններ եւ հեղինակ է հինգ մենագրութիւններու: 2013ին պատրաստած է «Համշէնը Անցեալի Եւ Ներկայի Խաչմերուկներում» վաւերագրական ֆիլմը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։