ԲԱՑՈՒՄ ՀՕՄ-Ի «ՇՈՒՇԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ՎԵՐԺԻՆ ԳՈՒՃԱՔԵԱՆ» ԽԱՂԱՎԱՅՐԻՆ
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ եւ Կիրակի, 14-15 Դեկտեմբերի շաբաթավերջը կրկնակի տօնախմբութեան օրեր էին Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար։
Կիրակի օր, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնին աոիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեան եւ Իսֆահանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող Մեսրոպ Ա. քհնյ. Գալստանեան։
Նախքան քարոզը, առաջնորդ սրբազանը կատարեց ձեռնադրութիւնը, դպրութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներու՝ Յակոբ Հաւանճեանին եւ Վահան Զարդարեանին, ինչպէս նաեւ ուրար կրելու իրաւունք՝ Րաֆֆի Ռուպանեանին։ Ան շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու ուրարակիրը, ինչպէս նաեւ ծխական ընտանիքը, զանոնք յորդորելով շարունակելու իրենց ծառայութիւնը հաւատքով, սիրով, սրտի մաքրութեամբ, անկեղծութեամբ եւ նուիրուածութեամբ ու պահպանելու մեր հաւատքը եւ ժառանգութիւնը։
Սրբազանը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր օրուան Աւետարանական հատուածէն, ուր շեշտուած է հաւատքի, համեստ ծառայութեան եւ ներողամտութեան կարեւորութիւնը։ Մասնաւորաբար խօսելով մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան մասին՝ ան նշեց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներողամտութեան ոգի ունենայ, իր նմանին ներէ ու զայն բարձրացնէ, «որովհետեւ մենք բոլորս նոյն նպատակը կը հետապնդենք»։ Ան շեշտեց, որ ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ունենանք, այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ՛ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենանք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ» պիտի հնազանդի ձեզի»։
Անդրադառնալով Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին՝ առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ երանաշնորհ հայրապետին կեանքը՝ մատնանշելով, որ ան ո՛չ միայն հաւատարիմ եւ խոնարհ ծառան էր Քրիստոսի, այլ նաեւ բարեպաշտ վարքով եւ զօրաւոր հաւատքով հոգեւորական մը։ «Մեր եկեղեցին առաքեալներու ընտանիք է եւ մեզի թելադրուած է զիրար քաջալերել ու օգնել՝ աճելու համար թէ՛ մեր հաւատքին եւ թէ ծառայութեան մէջ։ Ս. Յակոբ եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իրենց ֆիզիքական աչքերով չտեսան զՔրիստոս եւ ոչ ալ Անոր խօսքերը իրենց ականջներով լսեցին, սակայն տեսան, լսեցին եւ հաւատացին իրենց հոգեւոր աչքերով եւ ականջներով։ Անոնք մեր ազգը լուսաւորեցին ո՛չ միայն քրիստոնէական հաւատքի լոյսով, այլեւ իրենք զիրենք զոհեցին՝ ի գին ճանապարհին, ճշմարտութեան եւ կեանքին, որ նոյնինքն մեր տէր Յիսուս Քրիստոսն է։ Սա նոյնպէս մեզի ուղղուած հրաւէր ու պարտաւորութիւն մըն է՝ հաստատ հաւատքով եւ խոնարհ սրտով ծառայելու, որպէսզի մեր հաւատքի լոյսը դարեր շարունակէ ճառագայթել հայ ազգին, մեր եկեղեցիներուն, տուներուն եւ մեր համայքներուն մէջ»։
Սրբազանը իր քարոզի աւարտին, Ս. Յակոբի տօնին առթիւ շնորհաւորեց բոլոր Յակոբ անուն կրողները եւ մաղթեց, որ բացուող Նոր Տարին ըլլայ երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ լի բարեբեր տարի մը։
Հոգեհանգիստի պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Լերի Պարնզի եւ տիկնոջ Սեդա Տէր Կարապետեան Պարնզի հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին Հոգաբարձութեան ատենապետ Արփի Հիքս եւ հոգեւոր հովիւը։ Առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը։
ԽԱՂԱՎԱՅՐԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ
Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, առաջնորդ սրբազանը կատարեց ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի «Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեան» նորակառոյց խաղավայրին օրհնութիւնը եւ բացումը։ Խաղավայրը հովանաւորած են Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, իրենց ծնողաց՝ Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին։
Ներկայ էին բարերարները՝ տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան, Յակոբ Գուճաքեան եւ Դերենիկ Գուճաքեան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց միութեան անդամներ, շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ ու աշակերտներ։
Առաջնորդ սրբազանը առաջին հերթին այցելեց դասարանները, ուր մտերմիկ պահ մը անցուց աշակերտներուն հետ եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց թէ՛ անոնց եւ թէ իրենց ուսուցիչներուն։
Ապա, ներկաները ուղղուեցան խաղավայր, ուր բացման արարողութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթօրեայ վարժարանի քայլերգով։ Առաջնորդը, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, խաղավայրին օրհնութիւնը կատարեց։ Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տարագճեան արտասանեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ սրբազանը հօր, որ նախագահեց արարողութեան, եւ Եմենիճեան ու Գուճաքեան բարերար ընտանիքներուն՝ վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ զօրակցութեան համար։ Ասմունքով հանդէս եկան վարժարանի երկու աշակերտներ՝ Ալինա Դանիէլեան եւ Գոռ Գրիգորեան։
Բարերար ընտանիքներուն կողմէ խօսք առաւ Արտա Եմենիճեան, որ նախ յարգանքի տուրք մատուցեց իր հօր Աբրահամին եւ մօր Վերժինին, որ Շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադիրներէն էր, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ որպէս ընտանիքի անդամ կը նախագահէր բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ Շաբաթօրեայ վարժարանի անդամներուն՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը՝ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ օրուան համար։ Ան յիշեց 2011ին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ կատարուած հիմնօրհնէքը, Լերի Պարնզի իշխանական նուիրատուութիւնը, ինչպէս նաեւ 2013ին իր կողմէ կատարուած եկեղեցւոյ օծումը եւ «Գուճաքճեան» սրահին բացումը, եւ 2014ին՝ Մշակութային կեդրոնին բացումը։ Այս առթիւ, ան բարձր գնահատեց բոլոր նուիրեալներուն ծառայութիւնը, մասնաւորապէս օրհնեց եւ գնահատեց Եմենիճեան ու Գուճաքճեան ընտանիքները՝ անոնց յարատեւ աջակցութեան համար։
Ապա տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը եւ յուշատախտակի քօղազերծումը։
Արարողութեան աւարտին, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Ատրուշան Արմէնեան, «Իշխան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մագնիսեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան եւ «Շուշի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչը։ Առաջնորդ սրբազանը փակման իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս իր օրհնութիւնները եւ գնահատանքը փոխանցեց բոլորին։ Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ։