ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Քանի մը շաբաթէն պիտի դիմաւորենք 2020ը՝ Նոր Տարին եւ պիտի տօնախմբենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, մինչ տօնական օրերու խայտանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցուին Ազգային առաջնորդարանը եւ յարակից ծուխերը։
Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ տօնական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պիտի կատարէ Աստուածաշունչի սերտողութիւն, որմէ ետք Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղի «Արփա» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Էլիպս Մասեհեանի՝ պիտի ներկայացնէ տօնական համերգ մը։ Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնածառի լուսաւորում, ապա հիւրասիրութիւն՝ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։
Իսկ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած տարեկան երրորդ հոգեւոր համերգը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր։ Դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի խմբավարութեամբ ելոյթ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, որ պիտի ներկայացնէ Ս. Ծննդեան շարականներ եւ երգեր։