ՊԷՅՐՈՒԹ.- 11 Դեկտեմբերին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութեան ընթացիկ իրավիճակին եւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր: