ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան այցելեց Երեւանի տուրմի գործարանը՝ ծանօթանալու ընկերութեան ծրագիրներուն եւ արտադրական գործընթացին: Գործարանին հիմնադիրը՝ Սօս Սահակեան նախարարին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ ընկերութեան երկու ապրանքանիշերը բարձրորակ տուրմի արտադրութեան ոլորտին մէջ ներառուած են։ Ան ներկայացուց գործարանին 2019ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն տնտեսական գործունէութեան արդիւնքները՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ սպառման ծաւալները աւելցած են 37 տոկոսով, արտածումը՝ 141 տոկոսով: Տարին կ՛ամփոփուի շուրջ 2.4 միլիառ դրամի արտադրանքով, որուն շուրջ 40 տոկոսը կ՛արտածուի: «Պատրաստուած է Հայաստանում» կնիքով տուրմը կ՛արտածուի ԵԱՏՄ, Ուքրանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ, Էսթոնիա, Չինաստան եւ այլ երկիրներ:
Նախարար Տիգրան Խաչատրեան ծանօթացաւ տուրմի արտադրութեան փուլերուն, իտալական եւ պելճիքական նոր սարքերուն, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ընդլայնման նպատակով իրականցուող ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ նոր մասնաշէնքի շինարարական աշխատանքներուն, որ մէկ ամսուան ընթացքին արդէն պիտի սկսի շահագործուիլ: Նշուեցաւ, որ այս տարի ստեղծուած են յաւելեալ 69 նոր աշխատատեղեր, իսկ 2020ին 240 հոգինոց աշխատակազմը կը նախատեսուի համալրել 50 նոր հիմնական աշխատատեղերով: