ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Bosphore» («Վոսփոր») թատրերգութիւնը, որուն համահեղինակներն են Կորիւն Ափրիկեան եւ Էրիք տը Ռոքֆէօյ, որ առաջին անգամ ընթերցումի ձեւով ներկայացուած էր 2017ին, Փարիզի 9րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած յուշ-երեկոյին արժանացաւ ARTCENA (Կրկէսի ու փողոցի արուեստներու եւ թատրոնի ազգային կեդրոն) հեղինակաւոր մրցանակին:
Կորիւն Ափրիկեան այս պատուաբեր գնահատանքին պատճառած հպարտութենէն անդին յոյս ունի, որ սոյն մրցանակը իրենց թոյլ պիտի տայ գործը վերջապէս բեմականացնելու:
«Bosphore»ը եղերաբախտ խմբագիրին կեանքին մէկ, վստահաբար երեւակայական, դրուագը խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ, փոխաբերութիւններով եւ երբեմն ալ անպատասխան մնացող հարցականներով:
Տեսարանը կը սկսի Պոլսոյ քարափին, ուր Հրանդը կը սպասէ իր վաղեմի ընկերոջ՝ ձկնորս Նետիմին, զոր տարիներէ ի վեր չէր տեսած, մինչեւ վերջ ալ անյայտ մնացած պատճառներով: Նետիմը չի գիտեր, թէ ի՛նչ է տարիներ ետք տեսակցութեան այս հրաւէրին պատճառը. ան պիտի տեղեկանայ քիչ ետք Հրանդի բերնէն: Հրանդը կ՛ուզէ անոր հետ վերջին պտոյտ մը կատարել Վոսփորի ափերուն… Իղձ մը, զոր չի կրնար մերժել Նետիմ…