ՍԱՆ ՎԵԼԻ.- Հանրային «Կրենթ» երկրորդական վարժարանին մէջ Հայաստանի դրօշակին շուրջ ծագած ընդհարումին լոյսին տակ, Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբէն եւ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը Նոյեմբեր 20ին հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի պաշտօնատարներու հետ՝ քննելու միջաշակերտական յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ աշակերտներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարելիութիւնները։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Վիգէն Սոնենց Փափազեան եւ Թերեզա Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արսինէ Յովհաննիսեան։
Հայաստանի եռագոյնը վարկաբեկելու իբրեւ հետեւանք սկսած ֆիզիքական բախումին ստեղծած լարուածութիւնը քննելու համար, անցեալ ամիս նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ «Կրենթ» երկրորդական վարժարանի տնօրէն Ռեպեքա ՄըքՄիւրընի հետ: