Ստեփանակերտ այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ, որուն հետ այցելեց սահանագիծ, եւ ապա միասնաբար հանդիպում ունեցան Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։
Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Սահակեան քննարկեցին Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն, զանոնք ազատ եւ թափանցիկ կերպով կազմակերպելուն:
Բակօ Սահակեան եւ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցան Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Հանդիպումներ կայացան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Ղուլեանի, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի եւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւններու կազմակերպման, առկայ քաղաքական իրավիճակին, ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին, բանակաշինութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
30 Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացան զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին: Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն կ՛ընկերակցէին Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան, Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:
Սահմանապահ դիրքերուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան զրուցեցին սահմանագիծին վրայ առկայ վիճակին, սահմանապահ դիրքերուն մէջ վերջին շրջանին կատարուող ճարտարագիտական եւ թեքնիք պայմաններու ապահովման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին: Անոնք ծանօթացան զինուորներու կենցաղային պայմաններուն եւ զրուցեցին անոնց հետ: Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց զինուած ուժերու, ռազմարդիւնաբերութեան շարունակական զարգացումը եւ նշեց, որ բանակը պէտք է դառնայ տնտեսութեան զարգացման շարժիչը: Վարչապետը կարեւոր նկատեց զինուած ուժերուն համար սնունդի նոր կարգի ներդրումը՝ դիտել տալով, որ ատիկա կրնայ խթանել նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը, քանի որ գիւղամթերքը ձեռք պիտի բերուի ուղղակի գիւղացիէն:
Զինուորներուն հետ հանդիպումին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ սահմանապահ դիրքեր այցելելու նպատակին, զինուած ուժերու զարգացմանը, զինուորներուն միջեւ անձնական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու: