ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլոմպիա շրջանը, ուր կը գտնուի մայրաքաղաք Ուաշիկթընը, ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւ մը, իր ձայնը միացնելով Միացեալ Նահանգներու 49 նահանգներուն։
Բանաձեւին մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի Քոլոմպիա շրջանի բնակիչները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթութեան միջոցով իրազեկելու կարեւորութիւնը: