ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Իրանի գաղտնի սպասարկութենէն սպրդած 700 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթեր, ըստ որոնց, Թեհրան իրաքեան իշխանութիւններուն մէջ գործակալներ կը զինուորագրէ: Փաստաթուղթերու շարքին են նաեւ իրանեան գաղտնի սպասարկութենէն սպաներու 2014-2015 տարիներու զեկուցումներ:
Փաստաթուղթերուն համաձայն, «Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բարձրաստիճան անդամներէն են եւ կը նշանակուին Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիին եւ ոչ թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ» եւ Սլէյմանին է, որ կը ճշդէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի քաղաքականութիւնը«:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Իրան ներկայ է նաեւ Պաղտատի օդակայանին մէջ, եւ անոր լրտեսները հետեւած են ամերիկացի զինուորներուն ու «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի թռիչքներուն:
Չէ՞ք մը կարծեր, որ ամերիկեան աս թերթին ըրածը Իրանի դէմ քարոզչութիւն է. ամմէն ձեւով կըփորձեն Իրանին վար զարնել: Ինչու չեն գրեր որ ամերիկեան Սի-այ-էյն ալ աշխարհի ամմէն ծակը ծուկը մտած է եւ աշխարհը տակնու վրայ կընէ: Լաւ է որ երբեմն ասանկ լուրերու չիարձագանքենք եւ անուղղակի ձեւով մասնակցութիւն չիբերենք Իրանի եւ ուրիշներու մասին թերթերու ըրած վար զարնելներուն: Կարծեմ որ կը յիշէք, որ Օպաման քիչ մնաց որ Սուրիային վրայ պիտի յարձակէր, ըսելով ով քէմիքըլ ռումբեր գործածէր է, այն ատեն ալ ամերիկեան թերթերը ինչեր գրեցին, յետոյ յայտնի եղաւ որ անանկ զէնքեր գործածողները կամ տաէշն էր, կամ ալ սուտ ելան շատերը: