ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
…այն ալ Թրամփի ներկայ բնակարանին՝ Սպիտակ տան մէջ։ Արդարեւ, շահագործելով իրեն շնորհուած շռայլ հիւրասիրութիւնը, Էրտողան այս անգամ եւս կրցաւ խաղի բերել Թրամփը, ինքն իրեն շնորհելով Միացեալ Նահագներու Ծերակոյտին հրահանգներ արձակողի իրաւունքը եւ Թրամփի կողքին կանգնած՝ պահանջեց, որ ծերակուտականները չհաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը։
Կայծակնային արագութեամբ, Թրամփի մօտիկ դաշնակից՝ ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ կասեցուց Ցեղասպանութեան բանաձեւին հարցով քուէարկութիւնը՝ իրագործելով Էրտողանի պահանջը եւ զայն իբրեւ պարգեւ ներկայացնելով Թրամփի «սիրելի բարեկամ»ին։
Հետաքրքրականօրէն, ասիկա առաջին անգամը չէր որ ինքզինք լաւ համաձայնութիւններ կնքող ներկայացնող Թրամփ կ՛իյնայ Էրտողանի լարած ծուղակին մէջ, դառնալով անոր հլու կամակատարը։
Էրտողան եւ անոր փեսան՝ Պերաթ Ալպայրաք, որ նաեւ երկրին ելեւմուտքի նախարարն է, քանի մը առիթներով կրցած են իրենց կամքը պարտադրել Ուաշինկթընի վրայ, օգտագործելով նաեւ Ալպայրաքի եւ Թրամփի փեսային եւ խորհդականին՝ Ճերըտ Քուշնըրի միջեւ սերտ կապերը, որոնք, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին, հաստատուած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Թրամփ Թաուըր» ծրագիրի թուրք գործընկեր Մեհմետ Ալի Եալչընտաղի միջնորդութեամբ։
Այս կապերը շահագործելով, Էրտողան ցարդ կրցած է նուազագոյն եւ երբեմն առանց որեւէ պատժական տնօրինումի, փրկուելու պատժելի հետեւեալ արարքներէն՝ Ռուսիայէն հակահրթիռային համակարգեր գնել (ոտնակոխելով ՆԱԹՕի սկզբունքերը), Իրանի դէմ պարտադրուած ամերիկեան տնտեսական շրջափակումի օրէնքները խախտել (թրքական «Հալքըպանք» դրամատան միջոցաւ) եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Անգարայի դէմ խաղաղօրէն ցոյց կատարողներուն վրայ վայրագօրէն յարձակիլ։
Էրտողան նաեւ կրցած է դիւրութեամբ խափել Թրամփը՝ պնդելով, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնելու արշաւին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած Սուրիոյ քիւրտ զինեալները «ահաբեկիչներ» են, որուն հիման վրայ Թրամփ վերջերս ճամբայ բացաւ թուրք զինուորներուն առջեւ, որ անոնք ազատօրէն յարձակին քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու վրայ։