ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու ծանր արտայայտութիւններով քննադատեց Ամերիկա այցելելու Էրտողանի որոշումը եւ ըսաւ, որ այդ այցելութիւնը դրական ոչի՛նչ պիտի շահեցնէ Թուրքիոյ։
Քըլըճտարօղլու յիշեցուց Թրամփի կողմէ Էրտողանին ուղարկուած նախատական նամակը՝ նշելով. «Կ՛ըսեն, թէ նախագահը նամակը պիտի դնէ գրպանին մէջ ու զայն Թրամփին պիտի վերադարձնէ։ Նամակին մէջ թէեւ խօսքերը ուղղուած էին Էրտողանին, բայց ըստ էութեան, կը նախատուէր ամբողջ ազգ մը։ Ու հիմա ո՛չ ոք ձայն կը հանէ»։
Քըլըճտարօղլու մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ զարգացումներուն վերաբերեալ եւ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կը նմանի թենիսի գնդակի մը, որ կ՛երթայ եւ կու գայ Ամերիկայի ու Ռուսիոյ միջեւ։