ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հարցասիրութիւնը յատկապէս կեանքին նոր բացուող երեխաներուն մօտ շատ շեշտուած երեւոյթ է: Ասոնք ինչ որ տեսնեն, անոր մասին անպայման մի քանի պարզ հարցումներ կ՛ունենան հարցնելիք իրենցմէ տարիքով աւելի մեծերուն: Այդ հարցումները մենք «պարզ» կոչեցինք, սակայն խորքին մէջ այդ հարցումներէն շատերուն պատասխանները ո՛չ ոք ունի: Այսպէս, երբ մանուկ մը միամտօրէն քեզի հարցնէ, թէ ի՛նչ են հրեշտակները, դուն այդ պահուն կրնաս հաւանաբար նկարագրել զանոնք այնպէս, ինչպէս կը տեսնուին պատկերին մէջ՝ սպիտակ, թեւաւոր, արագահաս, օգնական եւ այլն: Սակայն հրեշտակին ինքնութեան մասին աստուածաբանական խոր վերլուծումէն բացի, անոր իսկութեան մասին անտեղեակ ենք ընդհանրապէս: Միայն մեր հաւատքն է, որ կրնայ պատասխան տալ այդ հարցումին, որ նախ մենք մեզի պէտք է հարցնենք:
Մանուկներուն հարցումները ընդհանրապէս «ի՞նչ է», «ուրկէ՞ է» եւ «ինչպէ՞ս եղած է» շրջագիծին մէջ կը դառնան: Նոր կեանքին բացուող երեխային համար բնականաբար ամէն ինչ նորութիւն է, ուստի պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ է իր տեսածը կամ ուրկէ՛ սկիզբ առած է, եւ կամ ինչպէ՛ս գոյութեան եկած է: Գիտնականներ եւ աստուածաբաններ իրենք խոստովանած են, թէ զիրենք զարմացնող երեւոյթներէն մէկն է օրինակ՝ աստղազարդ երկինքը մեր գլխուն վերեւ, որուն անչափելի խորքը ո՛չ ոք ամբողջութեամբ կրցած է չափել մինչեւ օրս: Ուրեմն, երեխաները առաւել եւս զարմանալու պատճառ ունին՝ տեսնելով այդ ամէնը իրենց գլխուն վերեւ, այն ալ փայլփլուն՝ զիրենք հետաքրքրող ձեւով:
Աստղերէն բացի դեռ կան աւելի վերացական եւ անտեսանելի գոյութիւններ՝ Աստուած ու երկնային այլ մարմիններ, որոնց մասին երկիւղածութեամբ մանուկներուն կը պատմեն ծնողներ, հիմնուած կրօնական հաւատալիքներու վրայ: Աստուածաշունչին բոլոր ճշմարտութիւնները իրենց երեխաներուն բացատրող հաւատացեալ ծնողներ երբեմն անխուսափելիօրէն կը կանգնին իրենց մանուկներուն բոլոր դժուար հարցումներուն պատասխանելու դժուար կացութեան դիմաց:
Բարեպաշտ ծնողներուն գլխաւոր պատասխանները աստուածաբանական հարցումներու պարագային իրենց զաւակներուն տրուած, ընդհանրապէս հիմնուած կ՛ըլլան Աստուծոյ հայրութեան, սիրոյ, գուրգուրանքի, նեղութիւններու մէջ մարդ էակին օգնութեան հասնելու եւ նմանօրինակ մարդասիրական գաղափարներու վրայ: Մանկավարժութեան տեսանկիւնէն սխալ է երեխան վախցնել Աստուծոյ կողմէ գալիք պատիժները թուելով, այսինքն՝ Անոր վերագրելով մարդու գլխուն քար նետելու, կրակով զայն այրելու եւ այլ սարսափազդու պատիժներով, որոնք անյարիր են Աստուծոյ ամենաբարի հայրութեան գաղափարին հետ:
Հետաքրքրական հարցումները կամ մարդկային միտքը չարչրկող խնդիրները միայն երեխաներուն չեն վերաբերիր: Ընդհակառակը, չափահասութեան տարիքը թեւակոխելով մարդիկ կը գիտակցին, որ իսկական հարցումներու ժամանակաշրջանը կը բացուի իրենց կեանքին դիմաց: Այս պարագային այլեւս ֆիզիքապէս չկան ծնողները, եւ կամ չափահաս մարդը չ՛ուզեր հարցնել անոնց իր հարցումները: Յատկապէս արհեստագիտութեամբ յառաջադէմ այս դարուն, զաւակներ պատանութեան տարիքէն սկսեալ իրենց հարցումներուն պատասխանները կը սիրեն իւրովի գտնել, առանց ուրիշներու օգնութեան: Լաւագոյն օժանդակը այս պարագային համացանցը կ՛ըլլայ, որ իր ամբարած տեղեկութիւններէն ճիշդն ու սխալը առանց զատորոշելու կը յանձնէ մեր նոր սերունդին ուշադրութեան, պարզապէս յագեցնելու համար զանոնք, իրենց հարցասիրութեան մէջ:
Իսկական խնդիրներուն եւ բուն հարցումներուն վերջնական լուծումներն ու համոզիչ պատասխանները կը մնան անկատար եւ անյայտ: Այս է ճշմարտութիւնը, որովհետեւ կեանքը ունի իր գաղտնիքները ու մանաւանդ՝ մեզի վերապահած իր յղի անակնկալները:
Հարցումներուն ի՛նչ ըլլալն ալ իր կարեւոր նշանակութիւնը ունի: Վերը ըսինք, որ մանուկներուն մեզի հարցուցած հարցումներուն մէջ երբեմն շատ խորունկ եւ մեր գիտութենէն իսկ վեր խնդիրներ կան, որոնց պատասխանները չունինք: Անոնց պարագային՝ ինչքան խորունկ, չափահասներու պարագային ճիշդ հակառակը՝ երբեմն ականջալուր կ՛ըլլանք այնքան մակերեսային հարցումներու, որ կը զարմացնեն մեզ իրենց տգիտութեամբ: Միամտութիւնը եւ տգիտութիւնը պէտք է զանազանենք իրարմէ: Միամտաբար հարցուած պարզ հարցում մը կրնայ խոր վերլուծման առիթ հանդիսանալ, մինչ տգիտութենէ առաջադրուած հարցում մը ո՛չ միայն զզուանք, այլեւ զայրոյթ կը պատճառէ: Նման մարդոց հարցուցած հարցումին՝ «չեմ գիտեր» պատասխանը տալ երբեմն ամէնէն ճիշդ մօտեցումն է: Ասիկա անշուշտ գիտակից «տգէտ»ին տրուելիք պատասխանն է, ո՛չ թէ իսկապէս անգէտին, որուն դուն պէտք է սորվեցնես:
Ինչ ալ ըլլայ հարցումներուն բնոյթը կամ շարժառիթը, անոնց տրուելիք պատասխանները միշտ կը մնան քննարկելի: Ճիշդ հարցումին տրուած ճիշդ պատասխան մը կրնայ երբեմն օգտակար ըլլալէ աւելի վնասակար ըլլալ, որովհետեւ այդ առիթով կատարուած բացայայտում մը կրնայ կործանարար հետեւանքներ ունենալ: Դիւանագիտական մօտեցումով պատասխաններ յաճախ անհրաժեշտ են մեզի, խնդիրներու դարձդարձիկ կամ հանգուցաւոր օղակներէն անցնելու եւ անվնաս դուրս գալու համար:
Հարցում մը, որ նպատակ ունի կործանարար դեր խաղալու, կարելի է անդրանցնիլ, անպատասխան թողելով զայն: Սակայն անոր տրուած նուազագոյն պատասխանն իսկ կրնայ կռուի հրդեհ բռնկեցնել, զոր մարելը երբեմն անհնար կը դառնայ, մինչեւ որ կողմերը չյաջողին խորտակել զիրար: Ուրեմն հարցումի մը տրուելիք պատասխանը աւելի դիւանագիտական ու խոր մօտեցում կը պահանջէ, քան հարցումը ինք, որ կրնայ օդին մէջ արձակուած անթիրախ նետ մը ըլլալ:
Հարցումի մը տրուած պատասխանը, որ ընդհանրապէս չի՛ սահմանափակուիր մէկ բառի մէջ, ինքնին մեկնաբանութիւնը կը հանդիսանայ պատասխանող անձին դաւանած սկզբունքներուն եւ հաւատացած գաղափարներուն: Իրենց աշխարհայեացքին եւ համոզումներուն մասին մարդիկ անձնապէս կրնան արտայայտուիլ: Ինչքան ալ իրենց գրութիւններուն յենելով կամ զանոնք մեկնաբանելով ուզենք տուեալ անձին հայեցակէտը խմբագրել, զայն հարազատօրէն բանաձեւած չենք ըլլար: Միայն իրենց լեզուէն կրնանք դատել մարդիկը, եւ այս պարագային իրենց տուած պատասխանները՝ մեր հարցումներուն, բարացուցիչ կը դառնան իրենց մտածումներուն եւ դաւանած գաղափարներուն:
Հարցումներուն եւ պատասխաններուն յարակցութիւնը եւ անխուսափելիութիւնը կը մղէ բոլորս, որ անոնց նկատմամբ միշտ զգօն ըլլանք: Թէ՛ տրուող հարցումներուն եւ թէ անոնց մեր տալիք պատասխաններուն համար պատրաստ ըլլալը, այս կեանքին մէջ արթնութեան առաջին նախապայմաններէն մէկն է, փոխյարաբերական առողջ միջավայր ստեղծել կարենալու համար: