ՊՈԼԻՍ.- Բագրատունիներու թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին, որ ծանօթ է՝ իբրեւ «Աշխարհի քաղաք», «Քաղաքակրթութիւններու օրրան», «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք» եւ «Քառասուն դարպասներու քաղաք», եւ այլն, վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին հնագէտներու ալ ուշադրութեան առարկան դարձած է եւ պարբերաբար պեղումներ կը կատարուին այդ հազարամեայ քաղաքի աւերակներուն մէջ։
Մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութեան արտօնութեամբ 23 Սեպտեմբերին պեղումները դարձեա՛լ սկսած են Անիի աւերակներուն մէջ։
Աշխատանքի համակարգումը կ՛իրականացնեն Կարսի թանգարանը եւ Կովկասի համալսարանի արուեստաբանութեան ամպիոնի վարիչ Մուհամմետ Արսլան։ Պեղումներուն կը մասնակցին հնագէտներ, ճարտարապետներ եւ մարդաբաններ։
Պեղումները համակարգող Մուհամմետ Արսլան նշեց, որ աշխատանքները պիտի իրականանան երեք հանգրուանով։ Այս առաջին փուլին կատարուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուած են միջնադարեան խեցեգործութեան նմոյշներ։ Անհրաժեշտ ուսումնասիրութենէն ետք հաւանական է, որ այդ նմոյշները ներկայացուին ցուցահանդէսով մը։
Կարսի Կուսակալ Թիւրքեր Էօքսիւզ լրագրողներու յայտնեց, որ Անիի աւերակներուն մէջ մօտաւորապէս 100 տարիէ ի վեր պեղումներ կը կատարուին եւ այդ աշխատանքին նպատակն է անգամ մը եւս բացայայտել Անիի թէ՛ պատմական եւ թէ մշակութային արժէքը։
Միջանկեալ կերպով նշենք, որ Անիի աւերակներուն մէջ 1904ին պեղումներ իրականացուցած է անուանի հայագէտ Նիկողայոս Մառ, որուն յայտնաբերած հնագիտական նմոյշներով յետագային թանգարան մը բացուեցաւ։ Մինչեւ այդ թուականը, Անիի մէջ պեղում չէր կատարուած։
Կարսի կուսակալը յայտնեց նաեւ, որ 2017ին Անի այցելած են 60 հազար զբօսաշրջիկներ, իսկ 2018ին՝ 95 հազար։
Յիշեցնենք որ Անիի աւերակները 2012ին ներառնուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային Մշակութային ժառանգութեան առժամեայ ցանկին վրայ, իսկ 2016ի Յուլիսին՝ այլեւս իրենց մնայուն տեղը ունեցան նոյն ցանկին վրայ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»