ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին զուգահեռ հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի եւ Իւզպեքիստանի Հանրապետութեան նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւի հետ։
Թուրքմենիստանի նախագահը հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ հանդիպումը լաւ առիթ է քննարկելու երկու երկիրներուն հետագայ համագործակցութեան հարցերը՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու բարեկեցութեան ապահովման։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-թուրքմենական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքէն եւ նշեց, որ Թուրքմենիստան հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ, տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու ընդլայնումով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս հանդիպումը լաւ առիթ նկատեց միտքեր փոխանակելու՝ հայ-թուրքմենական փոխգործակցութեան ընթացքին եւ զարգացման շուրջ:
Ըստ անոր՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Թուրքմենիստանը Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է, որուն հետ Հայաստան ունի արդիւնաւէտ, կառուցողական փոխյարաբերութիւններ, եւ, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համահունչ պէտք է աշխուժացնել նաեւ տնտեսական համագործակցութիւնը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Թուրքմենիստանի նախագահը անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխգործակցութեան օրակարգին, տնտեսական կապերու եւ առեւտրաշրջանառութեան աշխուժացման, տարբեր ոլորտներու մէջ ներուժի օգտագործման վերաբերող հարցերու:
Իւզպեքիստանի հանրապետութեան նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոյեւի հետ վարչապետ Փաշինեան քննարկեց երկու երկիրներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման հեռանկարները: Ըստ Հայաստանի վարչապետին՝ այն հանգամանքը, որ ասիկա Հայաստանի եւ Իւզպեքիստանի ղեկավարներուն՝ նման ձեւաչափով առաջին հանդիպումն է Հայաստանի անկախութեան օրէն ի վեր, կը վկայէ Հայաստան-Իւզպեքիստան յարաբերութիւններու բոլորովին նոր թափ հաղորդելու երկկողմանի քաղաքական կամքի եւ պատրաստակամութեան մասին: Ան յայտնեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ անոր արագ ու արդիւնաւէտ իրագործման:
Հայաստանի վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Իւզպեքիստանի մէջ հայ համայնքին նկատմամբ կառավարութեան հոգատար վերաբերմունքին, տեղացի հայերուն նկատմամբ իւզպեք ժողովուրդին տածած յարգանքին եւ բարեկամական վերաբերումին համար:
Շաւքաթ Միրզիյոյեւ եւս անդրադարձաւ երկկողմանի կապերու զարգացման, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շարունակութեան, երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ ներուժի օգտագործման, համագործակցութեան նոր շունչ եւ որակ տալու:
Վերահաստատելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ Հայաստան-Իւզպեքիստան գործընկերութեան զարգացման երկկողմանի պատրաստակամութիւնը՝ զրուցակիցները քննարկեցին այդ ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներու նախաձեռնելու կարելիութիւնները։