ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակազդելով Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիա ներխուժումին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ յարձակումը անընդունելի է, եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր կապերը որոշումի կեդրոններուն հետ, անոնց ցոյց տալու համար թրքական ներխուժման ժխտական անդրադարձը շրջանի հայ, ասորի, եզիտի եւ իսլամ ժողովուրդներուն վրայ:
Համբարեան աւելցուց, թէ յարձակումը Թրամփի վարչակազմին անմիտ քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն քաշուելու քաղաքականութեան պատճառով է:
«Նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքները, ներառեալ վտանգը, զոր կը դիմագրաւէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ արեւմտահայ բնակչութեան մնացորդացը, մենք կը միանանք ծերակուտական Լինզի Կրեհեմի, Քրիս Վեն Հոլընի եւ այլոց՝ Ներկայացուցիչներու տունէն եւ Ծերակոյտէն, զօրակցելով երկկուսակցական օրէնքի մը մշակումին՝ Թուրքիոյ վրայ պարտադրելու ամէնէն ծանր պատժամիջոցները՝ Ամերիկայի քիւրտ դաշնակիցներուն եւ քաղաքացիներուն վրայ կատարուած յարձակումին համար», նշեց Համբարեան: