ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Փանորամա».- Ամերիկեան պատկերասփիւռի աշխարհի յայտնի դէմքերէն Քիմ Քարտաշեան 8 Հոկտեմբերին խօսք առաւ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու 23րդ համաշխարհային համաժողովին՝ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն յայտնելով, որ նման նորարարական համաժողով մը կը գումարուի Հայաստանի մէջ, որ լաւագոյնն է այս նպատակին համար։ Ան դիտել տուաւ, որ յուզուած է կրկին Հայաստան գտնուելուն համար՝ «ինծի համար ամէն ինչ է հոս ըլլալը, ասիկա հիանալի երկիր է», նշելով։
Իր խօսքին մէջ ան բաժնեկցեցաւ իր փորձառութիւնը, թէ ի՛նչպէս կարելի է, արհեստագիտութիւնը օգտագործելով հասնիլ յաջողութեան, ձեռք բերել այդքան շատ հետեւորդներու բանակ՝ 250 միլիոն ու յաջող գործարարութիւն: «Ես միշտ գիտէի, որ կը փափաքիմ երեւիլ պատկերասփիւռի կայաններէն, յատկապէս «ռիլ-ԹիՎի»ով, բայց իրականութեան մէջ չէի գիտեր, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է ընել, չունէի նպատակներ: Կեանքիս մէջ շատ կազմակերպուած եմ։
Լրագրող մը հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կրնայ այդքան թափանցիկ ապրիլ՝ իր անձնական կեանքը բոլորին սեփականութիւնը դարձնելով։ «Սկիզբը ես իրականութեան մէջ չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «privacy» (անձնականութիւն-Խմբ.): Ինծի համար շատ բնական էր, որ մարդիկ գիտեն իմ կեանքին ամէն մանրամասնութիւնները, բայց երբ տարիքդ կը յառաջանայ, կը մեծնաս, կ՛ունենաս զաւակներ, կը սկսիս գնահատել այդ անձնականութիւնդ, քանի որ կը ծագի ապահովութեան հարցը: Ես հասկցայ, որ երբ շատ բան տարածես, ատիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Ես զգուշաւոր դարձած եմ, բայց կը շարունակեմ սիրել բաժնեկցիլը», ըսաւ Քարտաշեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է հաւասարակշռել կեանքն ու ընկերային ցանցերը:
Ան խօսեցաւ նաեւ իր գործարարութիւններուն՝ օծանելիքին, ներքնազգեստներուն, շպարի արտադրութիւններուն ու նոյնիսկ Kim Kardashian վիտէօ խաղին մասին՝ նշելով, որ կը մասնակցի իւրաքանչիւր ապրանքի ստեղծման՝ փաթեթաւորումէն, լոկոյի պատրաստութենէն մինչեւ աւարտական փուլ։
«Ես շատ ոգեշնչուեցայ Հայաստանի մէջ տեսածէս: Այսպիսով, ես կը վերադառնամ նոր գաղափարներով», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ Հայաստան գալով նոր միտքեր կը ծնին իր մէջ եւ զանոնք գործնականի վերածելու աշխատանք պիտի տանի։ Իբրեւ օրինակ ան յիշեց անուշահոտ մը պատրաստելու ծրագիրը, որ նորութիւն կրնայ ըլլալ։ «Երբ ինքնաշարժով կը շրջէի Հայաստանի փողոցներով, փափաքեցայ գեղեցիկ անուշահոտ ստանալ հայկական ծաղիկներով», ըսաւ յայտնի աստղը։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ երազն է իր նախաձեռնութիւնը եղող «SKIMS» ներքնազգեստներ արտադրել Հայաստանի մէջ: «Ներկայիս քննարկումներ կը կատարեմ հայ գործարարներու, ներդրողներու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել գործարան իմ ձեւաւորող ներքնազգեստներու արտադրութեան համար, հասկնալ, թէ ի՛նչ կարգի գործարաններ կան, ուր կրնամ զանոնք արտադրել: Մենք այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք իմ այս այցելութեանս ընթացքին։ Այսօր երեկոյեան (8 Հոկտեմբերին) հանդիպում պիտի ունենամ այդ հարցը քննարկելու նպատակով: Ասիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Իմ երազս է «SKIMS» արտադրող գործարան հիմնել Հայաստանի մէջ: Իսկ եթէ ատիկա կարելի չեղաւ իրականացնել, գոնէ այլ գործարարութիւն մը կը փափաքիմ կատարել», ըսաւ Քարտաշեան:
Ան նշեց, որ իրեն համար շատ հաճելի է աշխատիլ հայկական գործարարական բնագաւառին մէջ: «Պիտի այցելեմ նաեւ PicsArt-ի գրասենեակ, անոնց հետ արդէն կ՛աշխատիմ», աւելցուց Քարտաշեան։
Քիմը ըսաւ, որ իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ունի այն, որ Հայաստան եկած է իր քրոջը՝ Քորթնի Քարտաշեանի հետ, որ առաջին անգամն է Հայաստան կ՛այցելէ, եւ իրենք կրցած են իրենց զաւակները մկրտել Էջմիածինի մէջ։ «Ես աւելի հպարտ չէի կրնար ըլլալ», յայտնեց ան՝ ըսելով, որ ասիկա անմոռանալի պիտի ըլլայ իրենց համար։ «Մենք նաեւ հոն կը նկարահանենք մեր պատկերասփիւռի շօն, կը մտածեմ նկարել նոյնիսկ Հայաստանէն ամէնէն պարզ մարդիկը։ Երբ իմացայ, որ հոս պիտի գումարուի արհեստագիտութեան համաժողով, շուտով համաձայն գտնուեցայ մասնակցելու: Ասիկա լաւագոյն պատճառն էր կրկին հոս գալու, հպարտ եմ ու շնորհակալ», նշեց Քարտաշեան:
Ան յայտնեց, որ Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմին հետ քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ հաստատելով, որ ճանաչումը իր նպատակն է եւ երբեք պիտի չյանձնուի։ Քարտաշեան աւելցուց, որ ուղղակի երկխօսութիւն չէ ունեցած նախագահ Թրամփի հետ, սակայն այս հարցը կը քննարկէ խորհրդականներուն հետ՝ իր նպատակը իրականացնելու համար։
Քիմ Քարտաշեան արդիւնաւէտ նկատեց քաղաքական գործիչներու աշխուժութիւնը համացանցային հարթակներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ: Այս առումով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխուժութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսաւ, որ ատիկա կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ, քանի որ մեծաթիւ մարդիկ այդ հարթակներուն մէջ կը հաղորդակցին։ «Ընկերային ցանցերը մեծ հասանելիութիւն ունին: Ինչո՛ւ ոչ. չօգտագործելու պատճառ չեմ տեսներ: Լաւ է, երբ քաղաքական գործիչները ընկերային ցանցերու վրայ աշխոյժ են», նշեց ան։
Նշենք, որ քննարկման աւարտին Քիմ Քարտաշեանին նուիրուեցաւ նկար մը, որուն մէջ միախառնուած էին Քիմ Քարտաշեանի ու անոր ամուսինին՝ Քանյէ Ուեսթի դիմանկարները: Նկարը ստորագրուած էր՝ SARJAN:
Յայտնենք նաեւ, որ Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզական-համերգային համալիրը ամբողջութեամբ լեցուն էր անոր խօսքին ատեն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ
Քարտաշեան քոյրերը նաեւ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք, իրենց զաւակներուն հետ, անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սուրբ նահատակներուն յիշատակը։
Քարտաշեան քոյրերուն ընկերակցեցաւ եւ 20րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրին ու անոր նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ»ի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան։