ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալոն Արցախ տուած այցելութենէն եւ ունեցած բարձրաստիճան տեսակցութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Ողջունելով հիւրը՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան կարեւոր նկատեց Փալոնի հերթական այցելութիւնը Հայաստան եւ անոր երկարամեայ հայանպաստ գործունէութիւնը։ »Դուք Հայաստանի լաւ բարեկամն էք«, հաստատեց ան։
Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին: Նախագահ Սարգսեան յատկապէս կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը գիտութեան ու արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ: Այս պարունակին մէջ ներկայացուց նախագահական նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ATOM-ը (Advanced Tomorrow), որ նպատակ ունի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ միջազգային մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները բերել Հայաստան՝ Հայաստանը դարձնելով արհեստական բանականութեան եւ ուսողութեան ձեւաւորման ոլորտին մէջ աշխարհի յառաջատար կեդրոններէն մէկը: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ուրախ պիտի ըլլայ ամերիկեան մեծ ընկերութիւնները եւս տեսնել Հայաստանի մէջ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադաձ կատարուեցաւ նաեւ խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ զարգացման հեռանկարներուն ու մարտահրաւէրներուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ Փալոնի այս այցելութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ կապը հայ ժողովուրդին հետ: Ան բարձր գնահատեց քոնկրեսականին գործունէութիւնը՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական հիմնախնդիրներու բարձրաձայնման առումով: Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ վերջերս Լոս Անճելըս տուած այցելութեան մասին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս այցելութիւնները նոր թափ պիտի հաղորդեն ամերիկեան մեծագոյն նահանգներէն մէկուն եւ Հայաստանի միջեւ տարբեր ոլորտներու համագործակցութեան ընդլայնման։
Ֆրենք Փալոն հաստատեց, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդային յեղափոխութեամբ եւ երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներով: Ան ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ աշխոյժ ջանքերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին իր աշխոյժ գործունէութեամբ աջակցելու համար:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգին, անոր իրականացման մէջ ամերիկեան կառավարութեան հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստան մեծ երախտագիտութեամբ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու մէջ Փալոնի կողմէ տարուած ջանքերուն՝ արդարացի դիրքորոշում պահպանելու, եւ ընդգծեց, որ այս տարիներուն հայանպաստ դիրքորոշումները ամրապնդելու առումով անգնահատելի են անոր ճիգերը: Ազգային ժողովի նախագահը հաստատեց, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները հաւատարիմ են ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափով Արցախի հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացին եւ խաղաղ բանակցութիւններուն այլընտրանք չեն տեսներ:
Ֆրենք Փալոն անդրադարձաւ այս օրերուն ունեցած իր քննարկումներուն, որոնք առիթ տուած են ամբողջական կարծիք կազմել հայ-ամերիկեան օրակարգին վրայ առկայ առաջնահերթութիւններուն մասին:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ոլորտային բարեփոխումներու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ անոնց կեանքի կոչման քայլերուն մասին: