
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Նոյն վերտառութեան տակ նախորդ յօդուածս («Եթէ Քեզի Բան Մը Պատահի՝ Ո՞վ Պիտի Ծաղրէ Մեզ», («Ասպարէզ», 14 Սեպտեմբեր 2019) կը ներկայացնէր կուսակցութիւններու փոխադարձ քննադատութեան հարցը: Սակայն ո՞ւր է որ մեր կուսակցութիւնները պիտի ընեն այդ. կա՞յ հրապարակը, հրապարակ մը, ուր իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կարենայ մէջտեղ գալ ու քննադատել ուրիշ կուսակցութեան մը մէկ արարքը կամ մէկ խօսքը. դէ՛մ-յանդիման:
Դիմատետրի վրայ այդ յօդուածս կարդալէ ետք Իշխան Չիֆթճեան կ՛արձագանգէր. «Քննադատելը համացանցային դարաշրջանին անկարելի բան մը չէ: Անկարելին այն է, որ գոյութիւն չունի երկխօսութեան դաշտ, ուր տարբեր կողմեր հաւանութիւն ունենան նոյն սեղանը նստելու եւ նոյն հարցին մասին խօսելու: Այդ հասարակաց գետինը ոչ մամուլն է, ոչ ալ ամուլ գիտաժողովներու ու խորհրդակցութիւններու միջավայրը»:
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Սփիւռքին: Հայրենիքի մէջ այդ հրապարակը առաջին հերթին խորհրդարանն է, իսկ խորհրդարանէն դուրս գտնուող ուժերուն եւ անհատներուն համար՝ գրաւոր թէ բանաւոր մամուլը: Սփիւռքը չունի խորհրդարան կամ ազգային ժողով, իսկ անոր նման կառոյց մը ունենալ կարենալը հաւանական չի թուիր մօտաւոր ապագային: Այլեւ՝ ի՞նչ ձեւ կրնայ առնել նման կառոյց մը, ինչպէ՞ս կրնայ գոյանալ՝ այսօր տակաւին դժուար է պատկերացնելը, թէեւ նման միտքեր արծարծուած են ասկէ առաջ ու տակաւին ալ կը վերարծարծուին: Սակայն հրապարակի մը յառաջացումը երբեք ալ անհնար չէ, պէտք չէ՛ ըլլայ՝ եթէ քիչ մը կամեցողութիւն ըլլայ նման հնարաւորութիւն մը ստեղծելու: Այդ հրապարակը մասամբ գոյութիւն ունէր ատենին, օրինակ՝ Եգիպտոսի գաղութին մէջ, ուր թեմական ընտրութիւններու ժամանակ կողմերուն միջեւ ընտրապայքար տեղի կ՛ունենար, ապա քաղաքական ու գաւառական ժողովներուն մէջ բուռն վէճեր կրնային յառաջանալ: Հեռո՜ւ ինձմէ նման վէճեր վերստեղծելու գաղափարը: Սակայն այսօր նոյնիսկ հոն ու նման՝ մէկ առաքելական թեմ ունեցող մեր գաղթօճախներուն մէջ, յանուն միասնութեան ու համագործակցութեան՝ այդպիսի փոխադարձ քննադատութիւններ չեն ըլլար, կամ գէթ չեմ կարծեր, թէ կ՛ըլլան: Իսկ հոն, ուր զուգահեռ թեմեր կը գործեն, արդէն մէկը միւսին գործին չի խառնուիր:
Ըսի մասամբ գոյութիւն ունէր, որովհետեւ ի վերջոյ այդ ժողովներուն մէջ չեն քննարկուիր մեր բոլոր հարցերը, այլ միայն անոնք, որոնք կ՛առնչուին կրօնական, դաստրիարակչական ու յարակից ոլորտներու: Ուստի, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է յառաջացնել այդ հասարակաց հրապարակը՝ forum-ը, ուր կողմերը կրնան հանդիպիլ: Համոզուած եմ, որ այդ հրապարակը կրնայ գոյութիւն առնել համաձայնաբար՝ բոլո՛ր կողմերուն մասնակցութեամբ: Եւ երբ կ՛ըսեմ «կողմեր», նկատի ունիմ ոչ միայն կուսակցութիւնները, այլ գաղութի կեանքը կազմակերպող դերակատար բոլոր ուժերը, որպէսզի սեղանի վրայ դրուին բոլո՛ր ոլորտներու խնդիրները՝ քաղաքական ըլլան անոնք, թէ մշակութային, կրթական, ընկերային եւ այլն: Ասիկա տարբեր է այն միացեալ մարմիններէն, որոնք կը ծառայեն կազմակերպելու համայնական ձեռնարկներ՝ ազգային տօներու յիշատակում ըլլան անոնք, թէ՝ այլ: Կարեւոր է յստակացնել, թէ այստեղ առաջարկուած հրապարակը նոր կառոյց մը պիտի չըլլայ՝ բոլոր կազմակերպութիւններէն, անոնց պատկան մարմիններէն ու ժողովներէն վեր ու հանգամանաւոր: Ոչ ալ առնչուած է այն միւս գաղափարին հետ, որ ձեռնարկներու համադրութեան համար այլեւս խիստ անհրաժեշտ է նոյնպէս համագործակցական մօտեցում մը, որ շատ լաւ կրնայ տարուիլ թերեւս այդ միացեալ մարմիններուն կողմէ: Այս հրապարակը պիտի չունենայ կազմակերպական բնոյթ եւ առաքելութիւն: Այնտեղ պիտի հաւաքուինք քննարկելու, վերլուծելու, քննադատելու համար միայն: Հրապարակը կրնայ ըլլալ սահմանափակ ու համապարփակ տարողութիւններով: Առաջին պարագային անիկա կրնայ հերթական՝ ամսական կամ երկամսեայ դրութեամբ քով-քովի բերել մասնակցող դերակատար ուժերու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ պարագային, նուազ հերթականութեամբ, ըսենք եռամսեայ կամ քառամսեայ, բաց ըլլալ բոլորին առջեւ, որոնք կը փափագին իրենց ձայնը լսելի դարձնել: Այս պարագային անիկա կրնայ նոյնիսկ առցանց մատչելի ըլլալ, ու ե-խօսարանի (chatroom) միջոցաւ ընկալել ոեւէ ազգայինի կարծիքը:
Մամուլը եւս, տպագիր թէ առցանց, կրնայ փոխադարձ քննադատութեան վայր հանդիսանալ, սակայն ոչ իր ներկայ դրուածքով. տարբեր կողմերու ընթերցողներուն հասանելի պէտք է ըլլան փոխադարձ քննադատութիւնները: Այս ձեւաչափը թերեւս կրնայ իրագործուիլ տարբեր փուլի մը, երբ համայնական հրապարակի գաղափարը ընդունուած ու գործադրութեան դրուած ըլլայ:
Այս բոլորը չեն իրականանար, եթէ չկարենանք համաձայնիլ որոշ սկզբունքներու շուրջ՝ որակի ու կենցաղավարութեան տեսակէտէ: Պէտք է համաձայն ըլլալ, որ արգիլուի անպատշաճ լեզու, բանսարկութիւն, անուանարկութիւն, «սուտ լուրերու» (fake news) արծարծում: Անհատներ ազատ են իրենց սեփական ամէն «որակի» կարծիքներ արտայայտելու իրենց տուներուն մէջ, փողոցը կամ այլուր, մինչեւ դէմ-յանդիման գան պատշաճութեան պետական օրէնքներուն, սակայն այս հրապարակին վրայ պիտի գիտնան դիմացինը յարգելով վարուիլ, չդառնալ խանգարիչ ազդակ: Կրնա՞նք հաւաքաբար հասնիլ այս հասունութեան, ստեղծել իրարու հետ մարդավարի, հայավարի հաղորդակցելու միջոցներ, միասին քննարկել մեր հարցերը, քննադատել իրարու բացթողումները, թերացումները, միասին որոնել մեր հրատապ հարցերու լուծումները, ապա մեկնելով հրապարակէն՝ երթալ աշխատիլ այդ լուծումները գործադրելու համար, իւրաքանչիւրը իր ներուժին ու կարելիութիւններուն համաձայն կամ միասնաբար՝ համախմբելով այդ ներուժն ու կարելիութիւնները՝ հզօրացնելով մեր հաւաքակա՛ն ուժը: Ահա մարտահրաւէր մը բոլորին ուղղուած:
Ողջունելի առաջարկ է պարոն Վրէժ-Արմէնին ներկայացուցածը: Համաձայն եմ, որ «միացեալ մարմին»-ները չեն այն հարթակը ուր երկխօսութիւն պէտք է ծաւալի: Հարթակի ստեղծումէն առաջ, սակայն, հարկ է յստակեցնել մի քանի հարց.
Ա. Պատրա՞ստ են մեր կազմակերպութիւնները լսելու իրենց ուղղուած քննադատութիւնը,
Բ. Ամէն քննական երկխօսութիւն բնական է պիտի ըլլայ տարակարծութեան մը շուրջ, իսկ մեր խնդիրներուն արմատը յաճախ կը գտնուի անցեալին մէջ, որ ոչ-միշտ պայծառ է եւ օրինակելի: Պատրա՞ստ են մեր կազմակերպութիւնները լսելու նաեւ իրենց անցեալի սխալներուն մասին եւ վերանայելու այդ սխալներուն նկատմամբ ձեւաւորուած նախկին սխալ կեցուածքներ, նախեւառաջ՝ ինքնաքննադատաբար:
Գ. Փոխադարձ կառուցողական քննադատութեան հարթակը մեծապէս կարեւորելով հանդերձ, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր կը գտնեմ ԻՆՔՆԱքննադատութեան հրամայականը:
Յամենայնդէպս, գէթ նման հարթակի մը ստեղծման մասին քննարկումն իսկ շինիչ է եւ յառաջդիմական եւ կրնայ աշխուժութիւն բերել կազմակերպութիւններէն խրտչած-հեռացած առողջ զանգուածին մէջ: