2020 թուականին կ՛ամբողջանայ Կլենտէյլի մէջ գործող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրութեան 45րդ տարին, որ պիտի նշուի տօնակատարութիւններու շարքով, որուն մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ Կալա հանդիսութեամբ մը, յառաջիկայ 8 Փետրուար 2020ին, Քալիֆորնիոյ Գիտութեան Կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելըս:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրը հիմնադրուած է 1975ին, տեսիլք ունեցող եւ նպատակասլաց աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ համայնքի զաւակներու կողմէ, որոնց շնորհիւ այս կառոյցը մինչեւ օրս կը շարունակէ հայ մատղաշ սերունդներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, կրթութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ՝ մանուկներու զարգացման նպաստող միջավայրի մը մէջ եւ արդիական միջոցներու օգտագործումով:
Անցնող 44 տարիներուն, Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղած են աւելի քան 5000 հայ մանուկներ, որոնց հոգեմտաւոր աշխարհը սնած է հայ աւանդական արժէքներով եւ իրենց տարիքին յարիր մարդկային, ընկերային, կրթական յառաջադէմ գիտելիքներով, շնորհիւ որակաւոր ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներու ցուցաբերուած բացառիկ ուշադրութեան եւ խնամքին:
Ամերիկեան կրթական ծրագիրի ամբողջական կիրարկման եւ անգլերէն լեզուի ուսուցման առընթեր, Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզը կը յատկանշուի արեւմտահայ մշակոյթի բաղադրիչներու ուսուցմամբ՝ լեզու, պատմութիւն, ազգային տօներ եւ այն բոլորը, որոնք հայկական ինքնութեան կու տան իմաստ ու նպատակ, որպէսզի ամերիկահայ այսօրուան մանուկները վաղը դառնան համայնքային կեանքը լաւագոյնս ներկայացնող եւ զայն ղեկավարող ուսեալ եւ գիտակից հայորդիներ:
Տարուէ տարի յառաջընթաց արձանագրող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզը ներկայիս ունի 200 աշակերտներ. վերջին տարիներուն սուր բնոյթ ստացաւ կրթական այս կառոյցի վերանորոգման եւ ընդարձակման անհրաժեշտութիւնը: Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրի 45րդ տարեդարձը կը հանդիսանայ լաւագոյն առիթը, որ համայնքային կարեւորութիւն ունեցող այս մանկապարտէզը իր արդիական ընդարձակ շէնքը ունենայ՝ յագեցած արհեստագիտական ամէնէն նոր միջոցներով, որպէսզի ժամանակակից խաղերու եւ գիտութեան ճամբով առաւել եւս խթանուին հայ մանուկներու երեւակայական եւ ստեղծագործական աշխարհը, կարողութիւններն ու բնատուր ձիրքերը:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ապագայատեսիլ այս ծրագիրի ԿԱԼԱ հանդիսութիւնը կը հովանաւորեն մանկապարտէզի անցեալ տասնամեակներու արդէն չափահաս շրջանաւարտները, Ծնողներու Օժանդակ Յանձնախումբը եւ համայնքի զաւակները, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով եւ բարոյական աջակցութեամբ պիտի իրականանայ նոր ու արդիական շէնքի հիմնադրութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին զօրակցիլ այս ձեռնարկին, միասնաբար խնամելու եւ զարգացնելու համար հայ ապագայ սերունդները, կրնան դիմել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ schoolmodernization @TufenkianPreschool.com: