
ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի վերընտրութեան։
Գրիգորեան թեկնածու է քաղաքին երկրորդ ընտրատարածքի աթոռին։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 3 Մարտին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Արտալճեան դրուատեց քաղաքին եւ յատկապէս քաղաքի հայութեան ի նպաստ Գրիգորեանի որդեգրած քայլերը՝ վստահեցնելով, որ Հայ Դատը պիտի շարունակէ անոր հետ գործակցիլ, շրջանի հայութեան կարքիներուն հասնելու համար։
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբիԱրեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ Վիգէն Սոնենց Փափազեան կը յայտնէ, թէ Գրիգորեան 1990ականներէն ի վեր մօտէն գործակցած է Հայ Դատին հետ, յատկապէս հայութիւնը քաղաքականապէս աւելի գործօն դարձնելու ջանքերուն մէջ՝ աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այս ընտրութիւններուն եւս Հայ Դատը պիտի զօրակցի անոր ընտրապայքարին։
Յիշեցնենք, թէ Դեկտեմբեր 2009ին, Գրիգորեան պարտութեան մատնած էր իրմէ երեք անգամ աւելի ծախսած թեկնածուն, թափուր մնացած քաղաքապետական խորհուրդի աթոռի մը համար տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութեան, շեշտը դնելով քաղաքապետութեան ընթացքը բարեփոխութեան ենթարկելու կարեւորութեան վրայ: Ան առաջին հայն է, որ մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին։

Գրիգորեան կարեւոր դեր խաղցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պատմական քայլարշաւին կազմակերպումին ընթացքին քաղաքէն յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս-Երեւան եւ Լոս Անճելըս-Շուշի քոյր քաղաքներ համաձայնութիւններուն իրականացման մէջ, տարբեր առիթներով Հայաստան եւ Արցախ այցելելով։
Այս շաբաթավերջին, ան նաեւ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, համագործակցութեամբ քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներ՝ Քեթրին Պարկըրի եւ Հիլտա Սոլիսի։
Ինչպէս հաղորդած էինք, ան նաեւ խստօրէն դատապարտեց Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը, Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Փաշինեանի հանրային ելոյթը արգիլելու ջանքերը, որոնք կատարուեցան Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին կողմէ։
Փօլ Գրիգորեան իր կեցուածքներով, իր արտայայտութիւններով, համայնքային կեանքին մէջ իր մշտական ներկայութեամբ, երիտասարդները քաղաքական ասպարէզ մղելու իր խրախուսանքով շահած է հայութեան զօրակցութիւնը եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ստանալու իրաւունքը:
ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՀՈՎԻՏԻ ԱՅԼ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ԱՄԷՆ ՁԵՒՈՎ: