
ՆԵՐՍԷՍ ԹԱՇՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Յուլիս 14, 1971ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, զաւակին, եղբօր, զարմիկին եւ հարազատին ՝ Ներսէս (Նենօ) Թաշճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Վերժինա Թաշճեան
Դուստրերը՝ Նիքոլ եւ Քլօի Թաշճեաններ
Ծնողքը՝ Մովսէս եւ Ովսան Թաշճեան
Քոյրերը՝ Լիւսի եւ Գէորգ Աշքարեան եւ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Շանթ
Լարա եւ Արթիւր Չալըքեան եւ դուստրերը՝ Սօֆիա եւ Քլօի
Մեծ մայրը՝ Նուրիձա Դաւիթեան
Հօրաքոյրը՝ Մարի Պապիկեան եւ զաւակը իր ընտանիքով
Հօրեղբայրները՝ Վահէ եւ Սիլվա Թաշճեան եւ զաւակները իրենց ընտանիքներով
Աբրահամ եւ Նորա Թաշճեան եւ զաւակները իրենց ընտանիքներով
Մօրեղբայրը՝ Կարպիս Դաւիթեան
Մօրեղբայրը՝ Յաբէթ եւ Սիւզի Դաւիթեան եւ զաւակները
Մօրաքոյր՝ Սիվասլեան ընտանիք
Մօրաքոյր՝ Նաճարեան ընտանիք
Աները՝ Արա Պօղոսեան եւ զաւակները՝ Մանօ եւ Շանթ
Եւ համայն Թաշճեան, Պօղոսեան, Պապիկեան, Դաւիթեան, Գասպարեան, Աշըքեան, Բաբիրեան, Հինտոեան, Կիւլտալեան, Մսրլեան, Աշքարեան, Չալըքեան,Գասամանեան, Աւագեան, Փօսթաճեան, Մուրատեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլէնտէյլի Phoenicia ճաշասրահին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին։