
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».-ՈՒԵՖԱի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ՈՒԵՖԱ պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման, նաեւ՝ ենթակառուցուածքներու բարելաւման:
Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան, յատկապէս նշուեցաւ, որ ՈՒԵՖԱի աջակցութեամբ նախատեսուած է այս տարուան ընթացքին Հայաստանի մարզերուն մէջ կառուցել արհեստական խոտով 76 խաղադաշտեր, ֆետերասիոնին յատկացանել անհրաժեշտ մարզական գոյք, նաեւ ծրագիրներ իրականացնել ֆութսալի եւ կիներու ֆութպոլի զարգացման ուղղութեամբ:
Վարչապետը ողջունեց Ալեքսանտր Չեֆերին այցելութիւնը՝ կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ ՈՒԵՖԱի միջեւ սերտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը4 ի նպաստ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման: Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի ֆութպոլի ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ ՈՒԵՖԱի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ նշեց, որ անոր իբրեւ արդիւնք երկրին մէջ պիտի իրականանան մարզական տարբեր ծրագիրներ։ Փաշինեան համոզում յայտնեց, որ Չեֆերինի այս այցելութիւնը պիտի նպաստէ փոխգործակցութեան, նոր ծրագիրներու քննարկման ու իրականացման, որոնց կարգին՝ Հայաստանի մէջ ազգային մարզադաշտի կառուցման։
Ալեքսանտր Չեֆերին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին եւ դիտել տուաւ, որ գոհացուցիչ է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ համագործակցութիւնը: Ան նշեց, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ ֆութպոլը դարձած է տնտեսութեան առանձին ճիւղ, ուր շրջանառութեան մէջ կը մտնեն հսկայական ֆինանսական միջոցներ: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ ֆութպոլը մեծ դեր ունի ընկերային կեանքին մէջ, ժողովուրդները համախմբելու եւ միաւորելու առումով ալ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան ՀՖՖի եւ ՈՒԵՖԱի միջեւ համագործակցութեամբ յառաջիկային նախատեսուող նախագիծերուն վերաբերող շարք մը այլ հարցերու։