Վերամուտեան Լուրեր
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինէն
Գերագոյն Խանդավառութեամբ Կը Յայտարարենք.

ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԻ ԱՃ
2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը խանդավառութեամբ բացաւ իր վարժարաններու դռները աւելի քան 3,000 հայ աշակերտներու դիմաց: Տօնելու արժանի երեւոյթ մըն է այս, Ազգային վարժարաններու մէջ հայօրէն դաստիարակուող եւ թրծուող սերունդը վստահ ենք, որ պիտի դառնայ մարդկութեան եւ ազգային առողջ ապագայի քանդակագործը:
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ՝ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻ ԳՈՐԾԱՎԱՐ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Ազգային Խնամակալ մարմինի գրասենեակը համալրուեցաւ գործավարով մը, յանձին Տիկին Թամար Թիւֆէնկճեան-Սէրայտարեանին, պաշտօնավար Խաժակ Ժամկոչեանի կողքին: Տիկին Թիւֆէնկճեան 25 տարիներէ ի վեր հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու էր մեր ազգային վարժարաններուն մէջ: Ան հայագիտական իր ուսման կողքին նաեւ վերջերս ստացաւ մագիստրոսական իր տիտղոսը, գործարարական կառավարման մարզին մէջ։ Ան նաեւ օժտուած է հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասածրագիրի պատրաստութեան փորձառութեամբ, որուն շնորհիւ պիտի նպաստէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի դասածրագիրներու մշակման աշխատանքներուն:

ՇՈՒՇԻԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ
16 Մարտ 2019ին, Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած միջ-դպրոցական արտասանական մրցումին երկրորդ դիրքը գրաւող, Ֆէրահեան վարժարանի 5րդ կարգի աշակերտուհի՝ Լիլի Հայթայեան, ամրան առիթ ունեցաւ մասնակցելու Շուշիի Համահայկական արտասանական մրցումին: Ուրախ ենք յայտարարելու, որ ան նուաճած է առաջին դիրքը իր գեղեցիկ կատարումին շնորհիւ: Արժէ յիշել թէ, 2018ի Շուշիի Համահայկական արտասանական մրցանքին մասնակցած էր Մեսրոպեանի աշակերտներէն Ալիք Արթինեան, իսկ 2017ին՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսէն Վարանդ Չալիքեան: Վերջին երկուքը Շուշիի մէջ գրաւած էին երկրորդ դիրքը:
ԱՌՑԱՆՑ ԵՒ ԽՕՍՈՒՆ ՀԱՅ ԳԻՐՔ
Խնամակալ մարմինը այս տարի որոշած է 4-12րդ կարգի աշակերտներուն, բաժանորդագրութեան միջոցաւ հնարաւորութիւն տալ լսելու եւ կարդալու իրենց դասարանին համապատասխան թելադրուած ընթերցանութեան գիրքը, իրենց դասագիրքին կողքին, Vlume ծրագիրի միջոցաւ: Խնամակալ Մարմինը հետեւողականօրէն աշխատած է Vlume-ի ծրագրաւորողներուն հետ եւ նկատի առնելով հայ ուսուցիչներուն պահանջները, պատրաստել տուած է աշակերներուն անհրաժեշտ ընթերցանութեան գիրքերը ծրագիրին մէջ: Ծրագիրը ունի համապատասխան բջիջային հեռաձայնի ծրագիր (App), որ կարելի է զայն ներբեռնել »ըսմարդ ֆոն«ի վրայ եւ ապա անսահման կերպով հայ գիրքեր լսել եւ կարդալ: Թէեւ ծրագիրը առաւելապէս օգտագործելի է իւրաքանչիւր կարգին յարմար ընթերցանութեան գիրքի պարագային, բայց նաեւ կարելի է տարբեր գիրքեր կարդալ ու լսել անոր շնորհիւ:
15 Օգոստոսի սեմինարին Vlume ծրագիրը իր բոլոր օգտագործելի հնարաւորութիւններով ներկայացուեցաւ հայ ուսուցիչներուն: Հոն տեղադրուած են բազմահարիւր հայերէն գիրքեր թէ՛ առցանց կարդալու ինչպէս նաեւ որպէս խօսուն գիրք լսելու համար: Շատ կարեւոր նորութիւն մըն է այս մէկը եւ անհամբեր կը սպասենք զայն կիրառել այս տարեշրջանին:
ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔ՝ 5ՐԴ ԿԱՐԳ
Այս տարի նաեւ մեր վարժարաններու 5րդ կարգի աշակերտները առիթ պիտի ունենան նոր փորձառութիւն մը ապրելու: Անոնք հայոց պատմութիւնը պիտի սորվին առցանց նոր գիրքով, որ պատրաստուած է Հայաստանի Պետական համալսարանի դասախօս եւ պատմագէտ Փրոֆ. Մհեր Յովհաննիսեանի կողմէ: Դոկտ. Յովհաննիսեան գիրքը կը պատրաստէ արեւելահայերէնով, ապա Խնամակալ մարմինի Գործավար՝ Թամար Թիւֆէնկճեան զայն կը վերածէ արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան: Բոլոր դասերը կը ներկայացուին թէ արեւելահայերէնով, եւ թէ արեւմտահայերէնով եւ ունին համապատասխան տեսերիզներ ու աշխատանքային վարժութիւններ, որոնք կը տեղադրուին առցանց, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն օգտագործման համար: Նաեւ գիրքը ունի ուսուցիչի ձեռնարկ, որուն մէջ յստակ կը բացատրուին մեթոտները, դասաւանդման եւ նիւթը մատչելի եւ հաղորդական դարձնելու մտադրութեամբ:
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԳԻՐՔ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ
Այս տարի երկրորդական վարժարանները պիտի օգտագործեն, նախապէս յայտարաուած, 9-12րդ կարգերու Հայ գրականութեան առցանց գիրքերը: Բաւական ծաւալուն ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ Խնամակալ մարմինի եւ կարգ մը երկրորդականի հայ ուսուցիչներու երկար աշխատանքով իրագործուեցաւ, եւ այժմ օգտագործելի է Խնամակալ մարմինի համացանցին միջոցաւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
Հայոց Պատմութեան Եւ Հայ Դատի
Դասաւանդման Սեմինար
15 Օգոստոսին, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինը աշխատանքային սեմինարի մը հրաւիրեց Ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչներէն խմբակ մը, որոնք 4-12րդ կարգերուն հայոց պատմութիւն եւ Հայ Դատ կը դասաւանդեն:
Սեմինարը տեղի ունեցաւ Շամլեան Ազգային վարժարանի գրադարանին մէջ: Ուսուցիչները հանդիպեցան առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2: Անոնք տարբեր մասնագիտական եւ օգտաշատ դասախօսական շարքի մը հետեւեցան, որպէսզի նոր տարեշրջանին վերաորակաւորուած սկսին իրենց կոչումը ու նոր աղբիւրներու եւ միջոցներու ծանօթանան, որոնք օգտակար պիտի ըլլան իրենց դասարանին մէջ:
Սեմինարի բացումը կատարեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ուսուցիչներուն եւ իրենց գործը գնահատեց, որպէս հիմք մեր ազգային վարժարաններուն կայացման: Ապա բացատրեց օրուան հաւաքին իմաստն ու արժէքը, վեր առնելով հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ Դատի դասաւանդման կարեւորութիւնը մեր վարժարաններուն մէջ, որպէս առանձքային կռուան: Նոր տարեշրջանը սկսիլ նորարարութեան եւ ճարտարագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները օգտագործելով:
Կապուտեան նաեւ կարճ ներկայացումով մը հանդէս եկաւ, 5րդ կարգի հայոց պատմութեան առցանց նոր պատրաստուած գիրքին մասին: Հայաստանի Պետական համալսարանի դասախօս եւ պատմագէտ Փրոֆ. Մհեր Յովհաննիսեանն է գիրքի հեղինակը: Դոկտ. Յովհաննիսեան գիրքը կը պատրաստէ արեւելահայերէնով եւ ապա Խնամակալ մարմինի գործա-վար Թամար Թիւֆէնկճեան զայն կը վերածէ արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան: Բոլոր դասերը ունին համապատասխան տեսաներիզներ ու աշխատանքային վարժութիւններ, որոնք կը տեղադրուին առցանց, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն օգտագործման համար: Նաեւ գիրքը ունի ուսուցիչի ձեռնարկ, որուն մէջ յստակ կը բացատրուին մեթոտները, որոնց միջոցաւ կարելի է դասաւանդել եւ նիւթը մատչելի դարձնել աշակերտին:
Յաջորդ բաժինով ուսուցիչները »սքայփ«ով Հայաստան կապուելու հնարաւորութիւնը ունեցան: Փրոֆ. Յովհաննիսեանի հետ անմիջական կապով անոնք առիթ ունեցան օգտակար կայքէջերու ծանօթանալու: Մհեր Յովհաննիսեանը, մանրամասն ներկայացուց տարբեր-տարբեր մասնագիտական կայքէջեր, ուր տեղադրուած են թէ գիրքեր, թէ քարտէզներ եւ թէ բառարաններ ու մինչեւ իսկ բառարաններ, ուղղագրիչ-սրբագրիչ համապատասխան ծրագիրներ: Ան նաեւ ծանօթացուց ուսուցիչներուն այնպիսի կայքէջեր, որոնք ունին պատրաստ դասեր ու սահիկներով ցուցադրուած ծրագիրներ, որոնք կրնան ուսուցիչին ծառայել եւ օժանդակել իր աշխատանքային մարզին մէջ: Բոլոր ուսուցիչներն ալ մարզուեցան եւ իրենց տրամադրուած crome book-երու միջոցաւ անմիջական փորձեր կատարեցին, տրամադրուած կայքէջերը այցելելով եւ որեւէ թէքնիք հարց տեղւոյն վրայ լուծուեցաւ, որպէսզի առանց խոչընդոտի կարենան աշխատիլ իրենց դասարաններուն մէջ: Ուսուցիչներու վկայութեամբ փոխանցուածները նորութիւններ էին եւ անոնք մեծ հնարաւորութիւններով զինեցին ուսուցիչները, յառաջիկայ տարեշրջանին համար:
Յաջորդ օրակարգը ներկայացուեցաւ տեղական մակարդակով, Քէյ Մուրատեանի միջոցաւ: Ան ներկայացուց իր մօր կեանքին պատմութիւնը ներկայացնող տեսաժապաւէնն ու համանուն գիրքը՝ »Մօրս Ձայնը«: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մօր կանչն է, որ Մուրատեան զայն արձանագրած է գիրքի մը մէջ եւ ապա ֆիլմի վերածած է: Ֆիլմը ուսուցանելի է Հայ Դատի դասարաններու աշակերտներուն եւ անոր հետ միասին Քէյ Մուրատեան պատրաստած է ուսուցանելու ծրագիրը նաեւ, որուն միջոցաւ կարելի է հետաքրքրական եւ օգտաշատ դասապահի մը վերածել տուեալ նիւթը: Բոլոր նիւթերը ուսուցիչներուն տրամադրուեցան, որպէսզի իրենց կարգին կարենան օգտագործել դասարաններուն մէջ:
Յաջորդ բաժինը ներկայացուցին Մարալ Արնէլեան եւ Սարօ Նազարեան: Անոնք ներկայացուցին 4րդ կարգի հայոց պատմութեան դասերէն քանի մը նմուշ Power Point-ի ներկայացումներով եւ օժանդակ յարակից տեսերիզներով, աւելի գրաւիչ ու տպաւորիչ դարձնելու համար դասը:
Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք առիթ ունեցանք »սքայփ«ով Նիւ Եորք կապ հաստատելու խօսող եւ առցանց գիրքերու, Vlume ծրագիրի համահեղինակ Մարտիկ Չոլաքեանի հետ: Մարտիկը ներկայացուց իրենց պատրաստած ծրագիրը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բազմահարիւր հայերէն գիրքեր թէ՛ առցանց կարդալ ինչպէս նաեւ որպէս խօսուն գիրք լսել: Խնամակալ մարմինը այս տարի որոշած է բոլոր դպրոցներուն մէջ 4-12րդ կարգի աշակերտներուն բաժանորդագրութեան միջոցաւ հնարաւորութիւն տալ լսելու եւ կարդալու իրենց դասարանին համապատասխան թելադրուած ընթերցանութեան գիրքը, իրենց դասագիրքին կողքին: Շատ կարեւոր նորութիւն մըն է այս մէկը, որ անհամբեր կը սպասենք զայն կիրառել յառաջիկայ տարեշրջանին: Մարտիկը սպառիչ կերպով ներկայացուց այս մասին եւ բացատրեց մասնագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ծրագիրին շահաւէտութեան մասին անդրադարձաւ, զայն աւելի համոզիչ դարձնելու ուսուցիչներուն համար:
Սեմինարի վերջին բաժինը ներկայացուց Սեդա Անթէքէլեան, ներկայացնելով »Ականատեսի Վկայութիւն« կայքէջը եւ Շօա Հաստատութիւնը: Ան ծրագիրը ծանօթացուց ուսուցիչներուն, որպէս օգտակար միջոց Հայ Դատի դասաւանդման եւ միաժամանակ օրինակ մը ներկայացուց դասը աւանդելու մեթոտներու եւ կիրառելու ձեւերուն մասին: Աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու վկայութիւններ ամփոփող ձայնատեսադարան մըն է կայքէջը, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներէն տեսնել ու լսել իրենց վկայութիւնը: Ապա դասածրագրային աշխատանքներու միջոցաւ, քննական ձեւով աշակերտին մտքին մէջ հարցումներու եւ հետաքրքրութեան պատուհաններ կը բանայ:
Սեմինարը իր աւարտին հասաւ յաջողութեամբ եւ ուսուցիչներու վկայութեամբ կրնանք հաստատել, թէ շատ նորութիւններ սորվեցան ու մասնագիտական հնարաւորութիւններու ծանօթացան, որոնք կարելի եւ իրագործելի են դասարաններուն մէջ: Այս ձեւով հայ աշակերտը կարելի է կրթել ու դաստիարակել քիչ մը աւելի նոր միջոցներով ու արդիական մեթոտներով:
Վերամուտը սկսելու լաւագոյն ձեւն է այս հայ ուսուցիչին համար, կարելի է ըսել նոյնիսկ՝ վերամուտի նուէր… առ այդ՝ բարի վերամուտ Հայ Դպրոցին…
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ