
ԱՒԵՏԻՍ ԽՈՐԷՆ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Դեկտ. 19, 1942ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Աւետիս Փիլիպոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 25, 2019ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Փասատինայի Կիլիկիա Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, 339 S. Santa Anita Ave., Pasadena, CA 91107, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ալիս Փիլիպոսեան
Զաւակները՝ Ալին եւ Տասթին Սիմզ
Անիթա եւ Հրայր Տէրտէրեան
Էվլին Փիլիպոսեան
Ալէն եւ Ռոզարիօ Փիլիպոսեան
Թոռները՝ Ալիք, Տարօն, Դալար Տէրտէրեաններ
Անուշ Փիլիպոսեան
Եւ համայն Փիլիպոսեան, Տէր Խաչատուրեան, Ալպարեան,
Իշխանեան, Պալըգեան, Պէրպէրեան, Ուզունեան, Ճամպազեան,
Էսայեան, Յովակիմեան, Տէրտէրեան, Վարդուկեան, Քէսթէքեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Լիբանանի Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին, Shamlian-Tatikian Alumni Association։