ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Սուրիոյ պետական լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրիքոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սեզայ Թեմելլի դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի «թշնամական քաղաքականութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի հանդէպ», ինչպէս նաեւ «ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնելու» անոր կեցուածքը, որոնք պատճառ հանդիսացան բազմաթիւ սուրիացիներու տեղահանութեան: Թեմելլի կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ, որ Էրտողան ներկայիս Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան մասը գտնուող երկիրներուն մէջ պատերազմի շեփորներ կը հնչեցնէ:
Թուրքիոյ իրավիճակին անդրադառնալով՝ Թեմելլի յայտնեց, որ Թուրքիոյ բոլոր հարցերը կը լուծուին, եթէ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն տիրէ, յատկապէս կարեւոր նկատելով բոլոր ձերբակալուած քաղաքական գործիչներուն, լրագրողներուն եւ մտաւորականներուն ազատ արձակումը։
Նշենք, որ ներկայիս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մօտաւորապէս 5000 անդամներ բանտարկուած կը մնան: