ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսին, աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախատեսուած են հանդիպումներ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակներուն միջեւ աշխատանքային քննարկումներ: