ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ մտաւ իբրեւ կողմնակից Գերմանիոյ՝ ընդդէմ Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ քանի մը այլ երկիրներու:
2.6 միլիոն օսմանցի զինուորներէն 250 հազարը գերի ինկաւ Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ՝ իբրեւ ռազմագերիներ: Գերութեան մէջ, անոնցմէ տասնեակ հազարաւորներ մահացան հիւանդութիւններու, սովի եւ կլիմայական ծանր պայմաններու պատճառով: Օսմանցի զինուորներուն մեծ մասը թուրքեր էին, բայց կային նաեւ քիչ թիւով հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ, լազեր, չերքեզներ եւ արաբներ: Հայ զինուորներուն մեծ մասը զինաթափուած էր, սպաննուած կամ հարկադրաբար աշխատած բանուորական գումարտակներու մէջ: Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն մօտաւորապէս կէս միլիոն օսմանցի զինուորներ լքած էին բանակը:
Դոկտ. Համիտ Հուսէյն Փաքիստանի «Defense Journal» ամսագիրին մէջ տպագրած է հետաքրքրական պատմութիւն մը Իրաքի մէջ գերեվարուած օսմանցի ռազմագերիներու ճակատագիրին մասին. այդ ռազմագերիները աւելի ուշ ուղարկած էին Հնդկաստան եւ Պուրմա (ներկայիս՝ Միանմար): Այդ օրերուն Պուրման Հնդկաստանի մէկ մասն էր (մինչեւ 1937ի անջատումը):
Ամէնէն մեծ թիւով թուրք ռազմագերիներ պատանդ տարուած էին բրիտանացիներու կողմէ եւ պահուած էին Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Մալթայի մէջ, բացի Իրաքէն, Հնդկաստանէն եւ Պուրմայէն: Ռուսիա, Ֆրանսա, Ռումանիա եւ Իտալիա նոյնպէս գերի բռնած էին մեծ թիւով թուրք զինուորներ:
Դոկտ. Հուսէյն գրած է, որ բրիտանացիներուն կողմէ Իրաքի մէջ պատանդ վերցուած թուրք ռազմագերիները սկիզբը պահած են Պասրա գտնուող երկու ճամբարներու մէջ. առաջինը մեկուսացման ճամբար՝ «արգելանոցի (quarantine) մէջ պահելով հիւանդ ռազմագերիները եւ երկրորդը՝ դիտորդական ճամբար: Սովորաբար ռազմագերիները 2էն 4 շաբաթ մնացած են դիտորդական ճամբարին մէջ, նախքան Հնդկաստան կամ Պուրմա տեղափոխումը: Զանոնք նաւերով տեղափոխած են Քարաչի եւ Պոմպէյ, իսկ այնուհետեւ՝ երկաթուղիով Հնդկաստանի երկու ճամբարներ: Պելարիոյ մէջ ռազմագերիներուն մեծ մասը ազգութեամբ ցեղային թուրքեր էին, մինչդեռ Սումերփուրի (3336) ռազմագերիներուն մեծ մասը ոչ թուրքեր էին (արաբներ, քրիստոնեաներ եւ հրեաներ)»:
Հետաքրքրական է, որ դոկտ. Հուսէյն բացայայտած է, թէ Սումերփուրի ճամբարին մէջ «երկու հայեր, որոնք սահուն կերպով կը տիրապետէին անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին, աշխատած են իբրեւ թարգմանիչներ: Մահմետականները աղօթած են ճամբարի փոքրիկ մզկիթին մէջ:
Վանական ֆրանսացի մը պարբերաբար եկած է ճամբարը՝ պատարագելու ճամբարի կաթողիկէ քրիստոնեաներուն համար: Գահիրէի Հայոց հոգեւոր հովիւ Թորգոմ եպիսկոպոս Քուշագեան այցելած է ճամբարը 1916ին, Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ:
Դոկտ. Հուսէյն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հնդկաստանի Պելարի քաղաքը գտնուող ռազմագերիներու ճամբարին մէջ կը պահուէին ընդամէնը 137 օսմանցի ռազմագերիներ, գրեթէ բոլորը սպաներ: Հետագային աւելի շատ բանտարկեալներ բերուեցան հոն: «Թուրք սպաները ռազմական բարեփոխումներու արդիւնք էին եւ աշխարհիկ մտահորիզոնով: Շատերը պարբերաբար կ՛օգտագործէին ոգելից ըմպելի, ինչ որ արգիլուած էր մահմետականներուն: Անհրաժեշտ էր բժիշկի կարգադրութիւնը, եւ սպան կրնար գնել ամսական երեք շիշ խմիչք: Ուիսքին եւ կազով ջուրը սիրուած էին սպաներու կողմէ: Հոս մահացած որոշ ռազմագերիներ թաղուած էին ճամբարէն դուրս: Գերեզմաններուն մեծ մասը վերցուած է ռազմական օդակայանի ընդարձակման ընթացքին: 1997ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուշարձան կանգնեցուց ճամբարի տարածքին մէջ եւ վերականգնեց մնացած երկու գերեզմանները»:
Պուրմայի Թայեթմիօ քաղաքին մէջ գտնուող ճամբարին մէջ «կային 3591 օսմանցի ռազմագերիներ, որոնց մեծ մասը թուրքեր էին, սակայն կային նաեւ հայեր, սուրիացի քրիստոնեաներ եւ հրեաներ: Ռանկունի մահմետական, հայկական եւ հրէական կրօնական համայնքները նուէրներ կ՛ուղարկէին իրենց հաւատակից ռազմագերիներուն», գրած է դոկտ. Հուսէյն:
Հետաքրքրական է, որ «բրիտանական ճամբարի վարիչը մզկիթ կառուցելու խորհուրդ տուած է թուրք սպաներուն, սակայն Սուպի Պէյ, որ նշանակալից ազդեցութիւն ունէր բանտարկեալներու շրջանակին մէջ, դէմ եղած է առաջարկին՝ կրօնական նկատառումներով: Ան յայտարարած էր, որ երբ ռազմագերիները հեռանան, մզկիթը լքուած կ՛ըլլայ, իսկ այդ մէկը չի թոյլատրուիր կրօնական կանոններով», արձանագրած է դոկտ. Հուսէյն:
Պուրմայի Մէյիքթիլ քաղաքի ճամբարին մէջ կային շուրջ 10 հազար օսմանցի ռազմագերիներ: «Բանտարկեալներուն մեծ մասը օրը կ՛անցընէր պարապ նստած եւ խաղաթուղթ կամ նարտի խաղալով: Օսմանցի կարգ մը ռազմագերիները կ՛օգտագործէին իբրեւ աշխատողներ՝ ծխախոտի մշակման վայրերու մէջ, ամբարտակ փորելու եւ Շանի երկաթուղին կառուցելու համար», կ՛աւելցնէ դոկտ. Հուսէյն:
Պուրմայի երկու ճամբարներուն մէջ մահացած են մօտաւորապէս հազար օսմանցի ռազմագերներ: «2012ին, յարաբերութիւնները Միանմարի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարելաւուած էին, եւ երկու կառավարութիւնները համաձայնած էին վերականգնելու գերեզմանատուները: Թայեթմիոյի գերեզմանատունը վերականգնած էր թրքական հովանաւորութեամբ եւ աշխատանքները աւարտած էին 2016ին», կը յայտնէ դոկտ. Հուսէյն: Այսուամենայնիւ, Պուրմայի մէջ հակաիսլամական տրամադրութիւններու պատճառով, կեղծ լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ մզկիթ կը կառուցուի՝ «հին եւ քանդուած գերեզմաննոցը վերականգնելէ բացի, ուր Մէյիքթիլայի մէջ թաղուած են օսմանցի ռազմագերիները…: Թուրքիոյ կառավարութիւնը համաձայն էր վերականգնելու գերեզմանատունը, սակայն մզկիթ կառուցելու ծրագիր չկար: Այս լուրը յանգեցուց հակաիսլամական բռնութիւններու եւ գերեզմաննոցը վերականգնելու ծրագիրը յետաձգուեցաւ…: Գերեզմաննոցները թալանուեցան Համաշխարհային Բ. ժատերազմի տարիներուն, իսկ 70 տարիներու լքուած վիճակը ջնջեց անցեալի հետքերուն մեծ մասը: Տարիներու ընթացքին տեղւոյն մահմետականները հաւաքեցին մօտաւորապէս 200 գերեզմանաքարեր եւ զանոնք տեղափոխեցին տեղւոյն մզկիթին բակը:
2013ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը նախատեսեց նաեւ վերականգնել ռազմագերիներու գերեզմանատունը Սումերփուրի մէջ (Հնդկաստան), որ ունէր մօտաւորապէս 149 գերեզման: Այս շրջանը հպարտ «արքայազուն»ներու (Rajput) կեդրոնն է. անոնք Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներուն կռուած էին բրիտանացիներու կողքին: Տեղացիներէն ոմանք բողոքած էին վերականգնման նախագիծին դէմ՝ պնդելով, որ «ռաճփութ»ներու յուշահամալիր չկայ, անոնք կռուած են ամբողջ աշխարհի մէջ, մինչդեռ կը նախատեսուի յուշարձան կառուցել օտարերկրացի զինուորներու համար»:
Շատ ցաւալի է իմանալ, որ օսմանեան բանակին մէջ գտնուող հայ զինուորները Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն գերեվարուած եւ պահուած են Հնդկաստանի եւ Պուրմայի մէջ: Անոնք խուսափած են մէկ աղէտէ՝ յայտնուելով մէկ այլ արհաւիրքի՝ գերութեան մէջ: Անոնցմէ շատեր մահացած եւ թաղուած են այդ հեռաւոր երկիրներուն մէջ:
Հայ, թուրք եւ այլ ցեղային խումբերու զինուորները ահաւոր չափի վնասներ կրած են երիտթրքական «խունթա»ի անխոհեմ որոշումներուն պատճառով՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ մտնելով՝ իբրեւ Գերմանիոյ դաշնակից եւ մահուան դատապարտելով միլիոնաւոր հայեր, ասորիներ եւ յոյներ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ