ԵՐԵՒԱՆ.- Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոսին, ընդունեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:
Նախարարը դեսպանին ներկայացուց դատաիրաւական ոլորտը եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջոցները բարեփոխելուն ուղղուած աշխատանքները:
Ռուստամ Բադասեան յատկապէս նշեց կաշառակերութեան դէմ պայքարի երկու նոր մարմիններու կազմութիւնը, նոր դատարանի ստեղծումը, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման համակարգի ներդրումը, պաշտօնատար անձերու գոյքի, եկամուտներու, ծախսերու յայտարարագրման համակարգի կատարելագործումը, դատաւորի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու հիմքերու յստակացումը եւ ելեկտրոնային արդարադատութեան ներդրումը:
Դեսպան Թրէյսի ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ Հայաստանին ուղղուած շարունակական աջակցութեան պատրաստակամութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ տնտեսական զարգացման հարցերուն մէջ: