ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լարք» երաժշտական հաստատութեան տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ թէ երաժշտական գիտութիւններու կողքին, 2019-2020 տարեշրջանի Հայագիտական դասաւանդութիւնները պիտի շարունակուին Սեպտեմբեր 7, 2019էն սկսեալ, ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 9-12, երեք յաջորդական դասաժամերով:
2019-2020 տարեշրջանին (Սեպտեմբերէն սկսեալ) պիտի դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.¬
1) Դասական հայերէն կամ գրաբար,
2) Միջնադարեան Հայաստանի ուսումնակրթական կեդրոնները եւ հայ ինքնութեան պահպանումը (Ե¬ԺԸ դարեր) եւ
3) Կինը հայ քրիստոնէական մշակոյթի արմատներուն մէջ (Դ¬ԺԸ դարեր):
Դասընթացքի հիմնական նպատակն է օգտուիլ գրաբարի հարուստ ժառանգութենէն եւ մատչելի դարձնել: Իսկ հայ իմացական մշակոյթին վերաբերող նիւթերը կը ծառայեն թէ՛ ճանչնալու մեր դարաւոր մշակոյթը եւ թէ խորացնելու եւ զօրացնելու մեր ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը: Դասաւանդուած նիւթերուն մէջ շեշտը կը դրուի ինքնաճանաչումի եւ ինքնագիտակցութեան գաղափարախօսութեան եւ հայութեան հոգեւոր, իմացական եւ մշակութային դարաւոր ժառանգութեան վրայ:
Դասաւանդութիւնները կը կատարուին հայերէն լեզուով՝ Տաճատ ծայր. վրդ. Եարտըմեանին կողմէ:
Մասնակցութեան գինն է 300 տոլար (երեքհարիւր տոլար՝ մէկ կիսամեայի համար): Ամէն կիսամեայ կը տեւէ 5 (հինգ) ամիս:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել «Լարք»ի Քարտուղարութեան.¬ Հեռ. (818) 500-9997 կամ e-mail info@larkmusicalsociety.com:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
«ԼԱՐՔ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ