ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի լրագրող Էյմի Սքեթըրկուտի հետաքրքրութեան առարկան դարձած է Կլենտէյլի «Մինի Քեպապ» ճաշարանը։
Փորձելով գիտնալ, թէ 313 1/2 W. Vine St., Glendale, CA 91204 հասցէին գտնուող այս փոքրիկ ճաշարանը (միայն 299 քառակուսի ոտք) շաբաթական միջին հաշուով քանի քեպապ կը պատրաստէ՝ լրագրողը հասած է 1000 թիւին։
Սքեթըրկուտ կը մանրամասնէ, թէ տէր եւ տիկին Յովակիմ եւ Ալվարդ Մարտիրոսեաններու (յաջորդաբար՝ 67 եւ 63 տարեկան) ճաշարանը կը գործէ 33 տարիներէ ի վեր։
Մարտիրոսեանները Հայաստանէն Կլենտէյլ գաղթած են 1987ին։ Անոնց զաւակը՝ Արմէնը, կը յայտնէ, թէ հայրը ճաշ պատրաստելու ասպարէզ նետուած է մօտաւորապէս 50 տարի առաջ, հանդիսանալով խորհրդային բանակի գլխաւոր խոհարարներէն մէկը։
Վերադառնալով ճաշին, Էյմի Սքեթըրկուտ կ՛աւելցնէ, թէ ամէն ամիս, ճաշարանը կը պատրաստէ մօտաւորապէս 800 քորթ համմոս եւ կ՛ոգտագործէ 2000ական փաունտ հաւ եւ կովու միս, ինչպէս նաեւ 1.5 աունսնոց սխտորի 3000 տուփիկներ կը սպառէ, մսեղէնին ընկերացող շարք մը այլ բանջարեղէններու կողքին։
Սքեթըրկուտ կ՛եզրակացնէ, թէ ճաշարանը նաեւ տուն տանելու համար ճաշեր կը պատրաստէ, սակայն աւելի հաճելի կը համարէ ընթրել միայն 8 աթոռներ ունեցող մտերմիկ եւ տաքուկ ճաշարանին մէջ։
Ճաշարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել http://mini-kabob.com կայքը։
Մաղթենք որ «Մինի Քեպապ»ը մեծնայ ու «Ճամպօ Քեպապ» դառնայ: