ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսին հանդիպեցաւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի խումբ մը անդամներու հետ, որոնց ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւնը:
Նախարար Մայիլեան ընդգծեց, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը պիտի նպաստէ հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան եւ անոր աշխարհագրութեան ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն: Նախարարը շեշտեց Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ:
Մայիլեան կարեւոր նկատեց նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացումը ու երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներով համագործակցութեան հաստատումը:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան: