Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը՝ շուրջ 23 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին: Այս մասին նշուած է նախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ աշնան Գիւմրիի մէջ պիտի սկսի հասարակական բնակարանաշինութեան նոր ծրագիր մը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը՝ շուրջ 23,000 ամերիկեան տոլար՝ նուիրեց «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ըրաւ վերակառուցելու Գիւմրին:
«Գիւմրին մեր տունն է, եկէք վերակառուցենք մեր տունը, կենդանութիւն տանք: Անիկա իւրայատուկ քաղաք է՝ գեղեցիկ պատմութիւն ու լաւ մարդիկ ունեցող», յայտնեց նախագահը:
Ասի նախագահին մինչեւ հիմա ըրած գործերուն ամմէնէն լաւ է. պիտի չհարցնենք որ նախագահը մէկ տարի առանց ամսականի ինչպէս պիտի ապրի, բայց պիտի հարցնենք, որ Հայաստանի հարուստ միլիոնատէր մարդիկը մինչեւ հիմա ո՞ւր են որ երկրաշարժէն ետքը տուն չունեցողներ կան դեռ. եթէ կառավարութեան հաշիւէն հարստացողները քիչ մը խիղճ եւ մարդու զգացում ունենային մինչեւ հիմա, Գիւմրին երկու անգամ կը շինուէր եւ Երեւանին պէս լաւ քաղաք կըլլար, ուրիշ շրջաններ ալ կը լաւանային: