ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Պայքար».- Կիրակի, 21 Յուլիսը յատկանշական անկիւնադարձ մը եղաւ Աւետիս Մարգարեանի կեանքին մէջ: Արդարեւ այդ օր, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնք եկած էին ականատես դառնալու Աւետիսին «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանի տուչութեան: Յընթացս Ս. պատարագի, նախ ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոնդակը Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի կողմէ, ապա պատարագիչ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մեծարեալին կուրծքը զարդարեց «Շնորհալի» շքանշանով:
Այնուհետեւ, առաջնորդը, շնորհաւորական կուռ ճառով մը վեր առաւ Աւետիս Մարգարեանի նկարագիրին իւրայատկութիւնները, որոնք արժանի ըրած էին զինք մեծարուելու վեհափառին կողմէ: «Աւետիսը անոնցմէ է, որ իր ունեցած շնորհքը գործածեց Աստուծոյ փառքին համար, անսակարկ եւ ամբողջական նուիրումով: Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ քեզի եւ օրհնէ քեզ, որ շարունակես քու Աստուածահաճոյ գործդ», ըսաւ առաջնորդը։
Հոգեպարար այդ արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավարն էր Լեւոն Քէշիշեան: Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարներէն Սինան Սինանեան եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Ճաշի սպասարկութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք: Ճաշին ընթացքին, յայտնի ջութակահար Մերուժան Մարգարեան կոչնականներուն հրամցուց դասական մեղեդիներ՝ հայրենի թէ օտար յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն:
Սրտի շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան մեծարեալին կամաւոր աշխատանքը ընդգրկող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Առաջին առթիւ խօսքը տրուեցաւ առաջնորդարանի «Զուարթնոց» մշակութային միաւորին ատենապետ բժիշկ Սիմոն Սիմոնեանին: Ան դրուատեց Աւետիսին՝ այլոց օգտակար դառնալու յատկութիւնը, իր մեղմ բնաւորութիւնը եւ սիրալիր վերաբերմունքը բոլորին հանդէպ: Ապա ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական գիրը ընթերցեց միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի Թալին Եագուպեան: Ան բարձր գնահատեց միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի (Լիբանան) շրջանաւարտ, ապա ուսուցիչ Աւետիսին նուիրումը ՀԲԸՄին, որ շարունակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, զանազան վարչութեանց միջոցաւ կամաւոր աշխատանքով: Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շնորհաւորական գիրը ընթերցեց բժիշկ Րաֆֆի Պալեան: Հոն յիշուած էր դեռ երիտասարդ Աւետիսի մուտքը կուսակցութեան շարքերը եւ անոր նուիրումը այդ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ երկար տարիներու անսակարկ աշխատանքը՝ իբրեւ վարչական եւ գանձապահ: Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկէրեան ընթերցեց «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «1990ական թուականներուն միացած է ԹՄՄի Լոս Անճելըսի շարքերուն, շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն»: Իր կողմէն, Քէօշկէրեան աւելցուց. «Աւետիս Մարգարեանի կամաւոր աշխատանքը կը բնութագրուի ստորեւ յիշեալ գնահատելի յատկութիւններով: Ան նախ ճշդապահ է, ապա աշխատասէր, բծախնդիր եւ մանաւանդ ուղղամիտ»:
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան նշեց, թէ մեծապէս տպաւորուած էր Աւետիսի ցուցաբերած ջերմութեամբ եւ այլոց կարիքներուն հասնելու պատրաստակամութեամբ: Ան ի սրտէ շնորհաւորեց մեծարեալը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, իր ապագայի ծրագիրներուն մէջ:
Աւետիս Մարգարեանի դուստրը՝ Լարան, սահիկներու օժանդակութեամբ յետադարձ ակնարկ մը նետեց իր ընտանիքի կեանքին եւ ընկերային կենցաղին վրայ։
Մեծարեալի քեռայրը՝ Խաչիկ Նահապետեան հայրենասիրական երկու երգերով խանդավառեց բոլորը:
Սրբազան հօր յորդորով եւ Պահպանիչով աւարտեցաւ տպաւորիչ այս հանդիսութիւնը, որ անմոռանալի պիտի մնայ: Պատիւ՝ արժանաւորին:
(Քաղուած Գէորգ Քէօշկէրեանի թղթակցութենէն)