ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Կարտիըն».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 25 Յուլիսին վեթոյի ենթարկեց Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած երեք բանաձեւեր, որոնց նպատակն էր արգիլել առանց օրէնսդիրներու հաւանութեան զէնք վաճառել Սէուտական Արաբիոյ, նկատի ունենալով, որ այդ զէնքերը կ՛օգտագործուին Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած զինուորական գործողութիւններուն համար։
Եմէնի դէմ գործողութիւնը ցարդ առաւել քան 3 միլիոն քաղաքայիններ տեղահան ըրած է եւ մօտաւորապէս 100,000 զոհ խլած է։