ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը իր 25 Յուլիսին գումարած նիստին ընթացքին փոփոխութեան ենթարկեց թիւ 404 որոշումը՝ «մտաւոր յետամնաց» (մտաւոր հաշմանդամութիւն) յօդուածով զօրակոչուած զինուորներու որոշ դասակարգումներու համար համապատասխան փորձաքննութենէ ետք մեղմացումներ կարգադրելով:
Այս փոփոխութեանց շնորհիւ, զինուորներու խումբ մը կը զօրացրուի, իսկ նոյն յօդուածով նոր զինակոչիկներ չեն զօրակոչուիր: