ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ-Արմէնիա»ն 23 Յուլիսի երեկոյեան, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիոյ մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց «Լինքըն Ռետ Իմփս» (Ճիպրալթար) խումբը, «Եուրոփա» մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներու ծիրին մէջ:
Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ 2-0):
33րդ վայրկեանին, ռուս Անթոն Քոպիալքօ նշանակեց հայկական խումբին առաջին կօլը, մինչ Ա. կիսախաղի դադարէն առաջ միջնապահ Քոճօ Քասէ Ալֆոնս (Փղոսկրեայ Ափունք) արդիւնքը վերածեց 2-0ի: Երկու կօլերուն փոխանցումներն ալ կատարեց հոլանտացի Ֆուրտել Նարսինկ։
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 30 Յուլիսին, Ճիպրալթարի մէջ: