Ուրբաթ, 5 Յուլիսին, Կէօնճեան ընտանիքի յարկին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը՝ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 40ամեակին առթիւ, ընդունելութեամբ տիկին Շաքէի եւ իր զաւակներուն՝ Նորա եւ Զաւէն Կէօնճեաններուն:
Ներկայ էին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, խմբագրական կազմի անդամներ եւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան հաւատացող ու աջակցող հայ թէ օտար հիւրեր:
Ընթացքին Կէօնճեան ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց Նորա Կէօնճեան, որմէ ետք խօսք առաւ «Հորիզոն»ի տարիներու աշխատակից եւ «Մանկապատանեկան»ի խմբագրակազմի անդամ Անահիտ Պալեան, որ «Հորիզոն»ին նուիրուած կտոր մը ներկայացուց՝ իր ստեղծագործութեամբ:
Խօսք առաւ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն. ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին՝ տարիներ շարունակ «Հորիզոն»ին նեցուկ կանգնելուն եւ սոյն ընդունելութեան կազմակերպման համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին անգամ մը եւս իրենց անվարան աջակցութիւնը հաստատելու «Հորիզոն»ին:
Նշենք, որ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 10,500 տոլարի գումար մը: Երեկոն խանդավառեց The Highway նուագախումբը: