ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կերպարուեստի սենտիքայի նախագահ դոկտ. Նիզար Տահերի, 20 Յունիսի երեկոյեան, «Էքսոտ» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին՝ «Murmures Chroma-tiques» խորագիրին տակ:
Միրէյ Կոկիկեան լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ է, որ ո՛չ միայն ճանչցուած է լիբանանահայութեան, այլ նաեւ՝ լիբանանեան եւ միջազգային շրջանակներու կողմէ:
Մ. Կոկիկեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս նաեւ արուեստասէր հանրութեան ներկայացած է առաւել քան 50 ցուցահանդէսներով՝ խմբային կամ անհատական, զանազան երկիրներու մէջ՝ Ճափոն, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա…
Նշենք նաեւ, թէ ան աւելի քան 10 տարիէ ի վեր Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մէջ ուսուցիչ է:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 38 իւղաներկ գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մասնայատուկ նիւթ եւ գունաւորում: Անոր գեղանկարները ընդհանրապէս կը ներկայացնեն քաղաքներ, բնութեան տարրեր ու բնակավայրերու ընդմէջէն՝ մարդկային զգացումներու մթնոլորտ:
«Ազդակ»ի հետ զրոյցին ընթացքին, Միրէյ Կոկիկեան յայտնեց, թէ իր այս տարուան «Murmures Chromatiques» ցուցահանդէսը ունի հիմնական երեք նիւթեր՝ քաղաք, անտառ եւ Փարիզի «Նոթրը Տամ» եկեղեցին, որուն յիշատակին նուիրած են քանի մը գործեր:
Խօսելով իր օգտագործած գոյներուն մասին, թէ իւրաքանչիւր գոյն ի՛նչ կը խորհրդանշէ ու կը ներկայացնէ՝ Մ. Կոկիկեան նշեց, թէ կարմիրը կը խորհրդանշէ Հայաստանը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կանաչը՝ բնութիւն, ճերմակը՝ լուսին եւ ձիւն, իսկ կապոյտը եւ անոր մութ երանգները կը խորհրդանշեն գիշերը: Ան հաստատեց նաեւ, որ իրեն համար «գոյնը լոյս է, իսկ լոյսը՝ գոյն»:
Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան Միրէյ Կոկիկեանի արուեստին անդրադառնալով՝ գրած է, որ արեւելեան զգաստութեամբ թաթաւուն անոր արուեստը ունեցած է իր տրամաբանական հոլովոյթն ու զարգացումը: Պատերազմի արհաւիրքներն ու աւերումները դրսեւորող նախկին մռայլ կտաւները հետզհետէ կը բռնկին ու կը հրդեհուին կարծէք ա՛լ կարմիրով, ապա ժամանակի ընթացքին կը հասնին երփներանգ ու պայծառ սպիտակութեան, եւ լոյսը ո՛չ միայն յոյսի ու լաւատեսական պահեր կը ստեղծէ, այլեւ գեղեցիկը կը պատկերուի ինքնատիպ ոճով մը:
Կոկիկեանի արուեստը՝ զինուած արեւմտեան արհեստագիտութեամբ, էապէս արեւելեան է, մասնաւորապէս՝ լիբանանեան: Առաջին հայեացքէն իսկ մենք մեզ կը զգանք արեւելեան միջավայրի եւ լիբանանեան ոլորտներու մէջ: Հոս արուեստագիտուհին մեզ կ՛առաջնորդէ կիսավերացական աշխարհ մը, ուր հեքիաթն ու իրականը միախառնուած՝ ակնահաճոյ տեսիլքներու դէմ յանդիման կը բերեն մեզ:
Միրէյ Կոկիկեան տարիքին ու ձեռք բերած փորձառութեան համեմատ, անցած է ստեղծագործական կենսական փուլերէ ու ճշդած իր ստեղծագործական ուղին: Անոր արուեստը յղի է նորանոր հորիզոններով:
Միջազգային ցուցահանդէսներու՝ Ժընեւէն ու Փարիզէն մինչեւ Թոքիօ, անոր արուեստը գնահատուած է, յաճախ նաեւ՝ փնտռուած: Սակայն Միրէյ Կոկիկեան ո՛չ կը շլանայ եւ ոչ ալ կը բաւարարուի իր նուաճումներով: Ան կը շարունակէ իր յարատեւ ու տեւական աշխատանքը ստեղծագործական կեանքին մէջ: