ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ 21էն 23 Յունիս, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու (Young European Socialists) Բիւրոյի ժողովը, որուն ՀՅԴն ներկայացուց Անահիտ Յակոբեան (Ֆրանսա):
Ժողովին մասնակցեցան առաւել քան 40 երիտասարդ ընկերվարականներ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ՝ Իտալիա, Սպանիա, Ֆրանսա, Փորթուգալ, Պուլկարիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Դանիա, Շուէտ, Նորվեկիա, Խրուաթիա, Կիպրոս եւ այլն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Բիւրոյի ժողովը տեղի կ՛ունենայ տարին երկու անգամ, երբ կազմակերպութեան նախագահութիւնը եւ վարչութիւնը կը ներկայացնեն իրենց կատարած գործունէութեան հաշուետուութիւնը, կը ճշդուի կազմակերպութեան քաղաքական ուղղութիւնը եւ կ՛որդեգրուին բանաձեւեր:
Այս ժողովը առաջինն էր Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք։ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու քարտուղարութեան համար ասիկա նաեւ առաջին ժողովն էր մինչեւ իր ընտրուիլը: Անիկա առիթ եղաւ ներկայացնելու կատարուած աշխատանքները, մասնաւորապէս եւրոպական ընտրութիւններուն ատեն:
Որոշուեցաւ կազմակերպութեան քարոզչութեան ուղղութիւնը՝ Եւրոպական խորհրդարանի նորընտիր պատգամաւորներուն նկատմամբ:
Ժողովի պաշտօնական օրակարգէն ետք, ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչը բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ պատուիրակութիւններու հետ՝ ՀՅԴ երիտասարդականին եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ:
Նշենք, որ ՀՅԴ երիտասարդականը Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է: