ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 25 Յունիսի առաւօտուն, մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը կատարուէր «Հարկային օրէնսգրքի փոփոխութիւններ»ու փաթեթի քուէարկութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ բողոքի ցոյց կատարեցին խորհրդարանին դիմաց՝ յայտարարելով, որ իրենք դէմ են այդ փաթեթին մէջ ներառուած եկամտահարկի համահարթեցման սկզբունքին:
Ցուցարարները դիտել տուին, որ Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխումները կը պահանջեն առարկայական նոր մօտեցումներ, որոնց կիրառումով պէտք չէ խախտի արդարութեան սկզբունքը:
«Ուզում ենք այս ակցիայով ցոյց տալ, որ Հարկային նոր օրէնսգիրքն ուղղակի փուչիկ է այն մարդկանց համար, որոնք այսօր աշխատում են եւ աղքատ են, ունեն ցածր եկամուտներ», «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող, տնտեսագէտ Թադեւոս Աւետիսեան:
Ըստ անոր՝ այս փոփոխութիւնը նշեալ անձերուն վերաբերող դրական ոչ մէկ բան կը պարունակէ: «Մենք թէ՛ տարբեր ակցիաներով, թէ՛ մասնագիտական հարթութեան մէջ փորձեցինք ներկայացնել հակափաստարկներ եւ փորձեցինք ամէն ինչ անել, որ ականջալուր լինեն: Յատկապէս համահարթեցման վերաբերեալ դրոյթը հակասոցիալական ենք համարում: Մեր հիմնաւորումները, ցաւօք սրտի, աւելի շատ անտեսուեցին, իմիտացիա (նմանակում, ընդօրինակութիւն-Խմբ.) եղաւ, որ ցոյց տան՝ տեղի են ունենում քննարկումներ: Բայց իրականում սկզբունքային որեւէ հարցի այդպէս էլ չանդրադարձան: Մեր խորին համոզմամբ նրանք ի սկզբանէ ունէին այդ որոշումը՝ գնալու այս տարբերակով», յայտնեց Թադեւոս Աւետիսեան:
Ան աւելցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը ասկէ ետք եւս պիտի ահազանգէ ընկերային բնոյթի զանազան հարցերու։ Աւետիսեանի համաձայն՝ իշխանութիւնները շահարկում կը կատարեն՝ ըսելով, թէ կը նուազեցնեն մարդոց կարգ մը խումբերու հարկերը, ուստի ընդվզումը անհասկնալի է: «Մեր երկրում կան առաջնահերթութիւններ. երբ ասում ես՝ չհարկուող շեմ նախատեսի կամ աշխատող աղքատների եկամտահարկը նուազեցրու, ասում են՝ բիւջէի վրայ 90 մլրդ. յաւելեալ փող կը բերի, այդ գումարները չկան, բայց երբ 2 մլն. ստացողի հարկը իջեցնում են, էդտեղ կայ: Սա է մեր վէճը, ոչ թէ մենք դէմ ենք, որ հարկային բեռը նուազի: Մենք ասում ենք՝ բարձր վարձատրութեան հարկային բեռ նուազեցնելով՝ տնտեսութիւն չես խթանի, ոչ էլ արտահանումը կը խթանես, ոչ էլ ստուերը կը կրճատես, դրանք սին, աշխարհում որեւէ դրական օրինակ չունեցող եւ վիճելի հարցեր են», նշեց ան: Անոր համաձայն՝ եթէ արդար բաշխում չկայ, երբեք չես կրնար ակնկալել յառաջընթաց տնտեսական աճ: «30 տոկոս աղքատութեան, 20 տոկոս գործազրկութեան, ներդրումների գրեթէ բացակայութեան պայմաններում այստեղ հարկային համակարգի համահարթեցումը չի կարող դառնալ բոլոր խնդիրների դարման»։
«Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներէն Արգիշտի Գէորգեան «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենց բերած աշխատանքային ձեռնոցները եւ գլխարկները պիտի թողեն Ազգային ժողովին դիմաց, որպէսզի պատգամաւորները յիշեն, թէ ի՛նչ երկրի մէջ, ընկերային ի՛նչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, նաեւ այն, որ այս հարկային նոր օրէնսգիրքը յատկապէս ո՛ր խաւին մեծ վնաս կը հասցնէ։ Ան բացատրեց, որ իրենց հետ բերած են աշխատաւորներու խաւը խորհրդանշող դեղին սաղաւարտները եւ ձեռնոցները՝ ցոյց տալու, որ առաջին հերթին հարուածի տակ կը դրուին այդ խաւին իրաւունքները, եւ անոնք կը հաւասարին աւելի բարձր եկամուտ ունեցողներուն: «Նաեւ բերել էինք մեր վարկային պատմութիւնների թղթերը. Հայաստանում գրեթէ բոլոր ընտանիքներն ունեն վարկային պատմութիւններ, որոնք վերցուել են գոյատեւման, ընտանիքի նուազագոյն խնդիրները լուծելու համար, ոչ թէ այլ ճոխութիւնների:
«Մենք ուզում ենք սա յիշեցնել մեր պատգամաւորներին, որոնք պէտք է որոշեն՝ մեր երկրում լինելու է համահարթեցմա՞ն, թէ պրոգրեսիւ (յառաջդիմական-Խմբ.) հարկման համակարգ: Ուզում ենք նրանց յիշեցնել, հաշուի առնելով այն, որ մեր ընտանիքների մեծամասնութիւնն ունի հարկային պարտաւորութիւններ, գրանցուած աշխատավարձերն էլ միջինից ցածր են, որ իրենք պէտք է ընդառաջ գնան միջինից ցածր եւ նուազագոյն աշխատավարձ ստացողներին եւ ոչ թէ բարձր եկամուտ ստացողներին», ըսաւ ան:
Անոնք դեղին սաղաւարտները եւ ձեռնոցները դրին Ազգային ժողովի դարպասներուն դիմաց եւ վարկային պատմութիւններու թուղթեր նետեցին անոնց կողքին։