ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Երեւանի մէջ մահացաւ գրող, հրապարակախօս եւ լրագրող Կարինէ Աշուղեան:
Ան ծնած է Հայաստանի Արարատի շրջանի (այժմ՝ մարզ) Տափերական գիւղին մէջ: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ ընկերաբանութեան բաժանմունքը, ապա՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկը: Աշխատած է նոյն հիմնարկին մէջ՝ իբրեւ հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինի կրտսեր գիտաշխատող, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին մէջ եւ իբրեւ լրագրող՝ զանազան լրատուամիջոցներու մէջ: 1998էն 2008 եղած է «Արարատ» մարզային թերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Աշուղեան պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալով:
Ի շարս այլ աշխատութիւններու, բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու հեղինակ Կարինէ Աշուղեան ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանած է ՀՅԴ յայտնի գործիչ, հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանտիլիոն» վէպը: