ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 8 Մայիս 2019ին որդեգրուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով Սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ հաստատելով Սփիւռքի հարցերու յանձնակատարի գրասենեակ: 14 Յունիսին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յանձնակատարի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ եւ քաղաքապետ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեանը:
«Ա1+» լրատուականը այս մասին զրուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ։
«Պէտք է ասեմ, որ բաւականին դժուար պատասխանատուութիւն է՝ նախ հաշուի առնելով, որ ընդհանրապէս նոր է ձեւաւորւում գրասենեակը, գործառոյթները», ըսաւ Մանոյեան՝ անդրադառնալով յանձնակատարի նշանակման հարցին:
Անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ կը նշանակուի այդ պաշտօնին, ըստ Մանոյեանի, անիկա մեծ պատասխանատուութիւն ունեցող պաշտօն է, որովհետեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու կոչուած է այդ գրասենեակը:
Ան դիտել տուաւ, որ Սինանեան մնայուն կերպով մասնակցած է Հայ Դատի յանձախումբերու աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Իրանի ու Ռուսիոյ հայ համայնքներուն համար արդեօք հարց կ՛ըլլա՞յ Սինանեանի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը՝ Մանոյեան ըսաւ, որ քաղաքացիութիւնը չի կանխորոշեր, այլ անոր գործերը եւ աշխատանքները։ «Ինքն էլ այդ մասին մտահոգութիւն արտայայտել է եւ ինքը կարող է այդ ուղղութեամբ ակտիւ, դրական աշխատանք տանել, յուսանք», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը՝ աւելցնելով, որ եթէ յանձնակատարը Ռուսիոյ քաղաքացի ըլլար, այդ պարագային ալ Ամերիկայի հայ համայնքը կրնար մտահոգութիւն յայտնել, ուրեմն, ըստ անոր, ամէն ինչ կախեալ է ապագային անոր դրսեւորելիք կեցուածքէն եւ տանելիք աշխատանքներէն։
Լրագրողը հարցուց, որ այդ նշանակումը ինչպէ՞ս կ՛ընկալուի ընդհանրապէս ՀՅԴի կառոյցներուն կողմէ՝ Մանոյեան պատասխանեց. «Այնպէս չէ, որ «աշխարհի մեր բոլոր կառոյցներով քննարկել ենք Սինանեանի նշանակումը: Նշանակուել է, մէկը պէտք է նշանակուէր, ի վերջոյ: Անակնկալ չէր, որ ինքը պէտք է նշանակուի, որովհետեւ արդէն որոշ ժամանակ խօսակցութիւններ գնում էին: Յոյսով ենք՝ որպէս բարձր յանձնակատար կը լինի պետութեան ներկայացուցիչ, ոչ թէ այս կամ այն շրջանակի»: